Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – ԱՄՆ-ու դեսպանատան Պաղեստինեան գործերու վարիչը այցելած է Պատրիարքարան

Յունուար 30-ին, Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանատան Պաղեստինեան գործերու վարիչ՝ Ճորճ Նոլլ այցելած է Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցած Սուրբ Աթոռի գահակալ՝ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան պատրիարք հօր հետ:

Կալուածոց տեսուչ՝ Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեանի եւ աւագ թարգման՝ Վազգէն վարդապետ Ալէքեանի ներկայութեան կայացած հանդիպումին անդրադարձ եղած է նաեւ «Կովերու պարտէզ»-ին շուրջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն: