ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – «Կովերու պարտէզ»-ի գայթակղութեան հետքերով

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հողերու եւ անշարժ գոյքի նախկին պետ, նախկին վարդապետ Պարետ Երէցեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ Սեպտեմբեր 7-ին հրապարակած է փաստաթուղթ մը, զոր կը ներկայացնէ որպէս «յաւելուած G.» 99-ամեայ վարձակալութեան պայմանագրին, որով Հայ եկեղեցին «Կովերու պարտէզ» կոչուող տարածքը կը տրամադրէ աւստրալիացի հրեայ գործարարին։ Այս փաստաթուղթը հրապարակելով, նախկին կրօնականը կ՚ուզէ ապացուցել, որ Նուրհան պատրիարք ստորագրած է այս վարձակալութիւնը՝ հարցին լաւատեղեակ ըլլալով հանդերձ:

Փաստաթուղթի բնօրինակի լուսանկարին կից նախկին հայր Պարետ կցած է հետեւեալ գրութիւնը. «Սա երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագրի յաւելուած G-ն է։ Բոլոր անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ ես խաբեցի եւ մոլորեցուցի պատրիարքը, ստախօս են։ Այս յաւելուածով յստակօրէն ի յայտ կու գայ, որ փաստաբանը պատրիարքին բացատրած է պայմանագրութիւնը. պատրիարքին իմ ստած ու զինք մոլորեցուցած ըլլալու մասին պնդումները՝ պարզապէս անհիմն են եւ կեղծ լուր»։

Խմբագրական