Search
Close this search box.

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Շուրջ 30 դիմակաւորներ, փայտերով զինուած, արտասուաբեր նռնակներով  յարձակած են Սաղիմահայերու վրայ (տեսանիւթ)

Դեկտեմբեր 28-ի կէսօրին, խումբ մը ահաբեկիչներ, շուրջ 30 հոգի, սեւ հագուստներով ու դիմակներով, փայտերով զինուած, արտասուաբեր նռնակներով ու այլ տեսակի իրերով յարձակած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» տարածքին գտնուող Հայերուն վրայ՝ անոնց վնաս հասցնելու, տարածքէն դուրս հանելու եւ ահաբեկելու նպատակով:

Israelahayer.com-ի համաձայն, ահաբեկիչները սկսած են քարեր նետել Հայերուն վրայ:

«Հայ երիտասարդներն ու անակնկալի եկած հայ հոգեւորականները իսկական մարտի բռնուած են ասոնց հետ՝ համարժէք պատասխանելով ու պահելով տարածքը՝ մինչեւ որ միայն 200 մեթր անդին գտնուող Հին քաղաքի ոստիկանութիւնը ուշացումով յայտնուի դէպքի վայրը: Յարձակումը կասեցուած է:

Երկու Հայ տարուած է ոստիկանութիւն։ Թէ արդեօք յարձակողները ձերբակալուա՞ծ են ու պատիժ կը կրեն, այս պահուն յայտնի չէ»,– կը գրէ israelahayer.com։

Երուսաղէմի պատրիարքարանէն կը յայտնեն, որ բաւական լրջօրէն վիրաւորուած են Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան քանի մը քահանաներ, սարկաւագներ, ուսանողներ, բնիկ Հայեր։

«Սա այն յանցագործական պատասխանն է՝ Երուսաղէմի շրջանային դատարան “Կովերու պարտէզ”-ի հարցով ներկայացուցած մեր դիմումին, զոր դատարանը պաշտօնապէս ստացաւ 24 ժամ առաջ։

Հայոց պատրիարքարանի գոյութեան սպառնալիքը այժմ ֆիզիքական իրականութիւն է։ Եպիսկոպոսները, քահանաները, սարկաւագները եւ բնիկ Հայերը տեղւոյն վրայ կը պայքարին իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար: Մենք կոչ կ՚ընենք ամբողջ աշխարհի իշխանութիւններուն եւ միջազգային լրատու միջոցներուն օգնելու մեզի՝ փրկելու համար Հայկական թաղամասը բռնի կործանումէ, որու կ՚աջակցին տեղական անանուն կազմակերպութիւններ:

Մենք կոչ կը յղենք Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոստիկանութեան հետաքննութիւն սկսելու Տընի Ռոթմանի (Ռուպէնշթայն) եւ Ճորճ Ուորվարի (Հատատ) դէմ՝ Հայոց պատրիարքարանի եւ համայնքին վրայ իրենց կազմակերպած շարունակական բիրտ  յարձակումներուն համար, որոնք ըստ երեւոյթին վերջ պիտի չունենան:

Իսրայէլը կարգ ու կանոնի, օրէնքի պետութիւն է, եւ նման յանցագործական վարքերը չեն կրնար հանդուրժուիլ ու մնալ անպատիժ»,– կը նշէ պատրիարքարանը։

 

Տեսանիւթը՝ Տիրան վարդապետ Յակոբեանի էջէն։

https://youtu.be/RbMT_J_arIs