ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Քաշքշուք՝ Երուսաղէմի  հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ իսրայէլցիներու միջեւ (տեսանիւթ)

Ապրիլ 3-ին, իսրայէլացիները Երուսաղէմի մէջ ոստիկանութեան աջակցութեամբ մուտք գործած են «Կովերու պարտէզ»։ Լուրը կը հաղորդէ «Փրկենք Երուսաղէմի հայկական թաղամասը» նախաձեռնութիւնը։

Ոստիկանութիւնը առանց դատարանի որոշումի եւ առանց նախազգուշացման,  ապօրինի կերպով, վերցուցած է տեղադրուած պատնէշները։

Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, անոնց մէջ՝ հոգեւորականներու եւ «Կովերու պարտէզ» ներխուժած իսրայէլացիներու ու ոստիկաններու միջեւ քաշքշուք տեղի ունեցած է:

Սեդրակ Բալեան «X»-ի իր էջին հրապարակած է դէպքին տեսանիւթը.

https://t.me/oragir_news/29626

Խմբագրական