Search
Close this search box.

Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց յանձնակատար. «Տեղահանուած Արցախցիներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ եւ ապահով վերադարձի կարելիութիւն»

Եւրոպայի խորհուրդի Մարդկային իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ հրապարակած է իր դիտարկումները՝ 2023 Հոկտեմբեր 16-էն 23 Հայաստան եւ Ազերպայճան, ներառեալ Արցախ կատարած իր այցելութենէն ետք։ Այս կապակցութեամբ ան Երեւանի մէջ յայտարարած է, թէ՝  «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի իշխանութիւնները պէտք է իրենց խաղաղ բանակցություններու ընթացքին ուշադրութիւն դարձնեն մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ երաշխիքներ սահմանեն հակամարտութենէն տուժած անձերու նկատմամբ»:

Յանձնակատարը նշած է, որ Արցախ այցելութեան պատճառը Սեպտեմբերի վերջին Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ընդամէնը քանի մը օրուան ընթացքին աւելի քան հարիւր հազար Արցախահայերու տեղահանութիւնն էր։

Ստեփանակերտէն բնակչութեան հեռանալէն ետք Միաթովիչ ականատես եղած է դատարկ փողոցներու, լքուած տարածքներու եւ քաղաքացիներու գրեթէ ամբողջական բացակայութեան։

Իր լսածին եւ տեսածին հիման վրայ յանձնակատարը եզրակացուցած է, որ 2023 Սեպտեմբերի վերջին Արցախի Հայերը լքած են իրենց տուները՝ առանց որեւէ կողմի՝ անվտանգութեան կամ պաշտպանութեան որեւէ վստահելի երաշխիքի, եւ թէ անոնց համար իրենց բնակավայրը լքելը միակ խելամիտ տարբերակը եղած է։

“Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան նիւթական աջակցութեան վրայ, որպէսզի տեղահանուածներու եւ զանոնք ընդունող բնակչութեան մարդասիրական կարիքները ամբողջովին բավարարուին”,– ընդգծած է ան, աւելցնելով, որ տեղահանուած Արցախցիներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ եւ ապահով վերադարձի կարելիութիւն, ճկուն լուծումներ գտնելով նաեւ անոնց քաղաքացիութեան եւ իրաւական կարգավիճակին:

Ըստ Միաթովիչի՝ Ազերպայճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ապահովելու Արցախի Հայերու տեղւոյն վրայ ձգած գոյքի պաշտպանութիւնը  թալանէ, գողութենէ կամ իւրացումէ:

“Այն փոքրաթիւ Հայերը, որոնք մնացած են Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, նոյնպէս պէտք է օգտուին մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան բոլոր միջոցներէն, եւ պէտք է անոնց ազատ տեղաշարժի իրաւունքը ապահովուի”,– յայտարարած է յանձնակատարը։