Search
Close this search box.

«Եւրոպայի օր 2024»-ը Հայաստանի մէջ

 

2024-ի Եւրոպայի օրուան տօնակատարութիւնները Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան Մայիսի 10-էն Յունիս 6,  կը յայտնէ euneighbourseast.eu։

Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը տօնական ձեռնարկներ կը կազմակերպէ Երեւանի եւ Հանրապետութեան տարբեր մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի գործունէութեան նուիրուած տեղեկատուական հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ եւ համերգներ։

Ծրագիրը ծայր կ՚առնէ Մայիս 10-ին Երեւանի մէջ՝ «Եւրոպան մենք ենք» ցուցահանդէսի բացումով։ Մայիս 27-էն Յունիս 6 Երեւանի եւ մարզերուն մէջ տեղի կ՚ունենայ նաեւ շարժանկարի փառատօն։