Էդմոն Մարուքեան վարչապետին ներկայացուցած է հրաժարականի դիմում

Էդմոն Մարուքեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած է Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպանի պաշտօնէն ազատ կացուցման դիմում:

Մարուքեան այս մասին տեղեկացուցած է Դիմագիրքի իր էջին.

«Մեր պետութեան եւ տարածաշրջանի համար ստեղծուած բարդ ժամանակաշրջանին բարձր պատասխանատւութեամբ ստանձնեցի եւ մեծ նուիրումով կատարեցի այս առաքելութիւնը: Սակայն վերջին շրջանին շարք մը արտաքին քաղաքական հիմնական հարցերու շուրջ մեր տեսլականներու տարբերութիւնները անկարելի կը դարձնեն իմ հետագայ ներգրաւումը արտաքին քաղաքական ճակատին մէջ»,– ըսուած է գրառման մէջ:

Մարուքեան նաեւ վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակէ ծառայել պետութեան ու ժողովուրդին եւ իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային կապերը ներդնել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային-պետական շահերու պաշտպանութեան:

Էդմոն Մարուքեան Հայաստանի Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան նշանակուած էր 2022 Մարտ 14-ին։

Խմբագրական