Search
Close this search box.

Ըստ Երեւանի՝ ազերպայճանական կողմի կրակոցէն հայ զինուոր մը վիրաւորուած է. Պաքու կը հերքէ

Նոյեմբեր 18-ի առաւօտեան, Պարոյր Սեւակի հատուածին մէջ (գիւղ՝ Արարատեան մարզին մէջ, նախկին Սեւակաւան) տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ազերպայճանական զինուժի արձակած գնդակէն վիրաւորուած է հայ զինուոր մը։ Լուրը կը հաղորդէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, նշելով թէ վիրաւորին վիճակը միջին-ծանր է։

Պաքու հերքած է լուրը՝ զայն «կեղծ» որակելով։

Միւս կողմէ, նոյն օրը Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, բարձրաստիճան զինուորականներու ուղեկցութեամբ անակնկալօրէն այցելած է Հակաօդային պաշտպանութեան զօրամասերէն մէկը՝ զօրքերու մարտական պատրաստութեան աստիճանը ստուգելու համար։

ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն՝ զօրամասի անձնակազմը գործնական վարժութիւններ ըրած է՝ «յաջողութեամբ յայտնաբերելով եւ ոչնչացնելով պայմանական հակառակորդի օդային թիրախները»։