Search
Close this search box.

Թէոդոսիա գտնուող Այվազովսկիի պատկերասրահը վերանորոգումէն ետք կը բանայ իր դռները

Թէոդոսիա (Ղրիմի մէջ) գտնուող հայ յայտնի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի անունը կրող պատկերասրահը, որ երեք տարի առաջ փակուած էր վերանորոգման նպատակով, կը վերաբացուի Մարտ 14-ին։ Լուրը հաղորդուած է Ղրիմի հայկական համայնքի թելեկրամեան ալիքին վրայ։

«Մարտ 14-ին տեղի կ՚ունենայ պատկերասրահին հանդիսաւոր բացումը, ուր ներկայ կ՚ըլլան մի՛այն լրասփիւռներու ներկայացուցիչները, իսկ Մարտ 15-ին պատկերասրահին դռները կը բացուին հանրութեան առջեւ»,– նշած է պատկերասրահի տնօրէնուհին։

Վերանորոգուած վայրը այցելուները կը դիմաւորէ մեծ ցուցասրահով՝ իր յատուկ լուսաւորութիւն ապահովող առաստաղով, զոր նկարիչը ինք կառուցած է՝ իր բոլոր նկարներուն համար յարմար լուսաւորութիւն ապահովելու համար։

Ճարտարապետական յուշարձան համարուող պատկերասրահին շէնքը կառուցուած է Այվազովսկիի նախագիծով, 19-րդ դարու կէսերուն։

Այսօր պատկերասրահի հաւաքածոն գեղանկարներու, արխիւային փաստաթուղթերու, լուսանկարներու, կիրառական արուեստի առարկաներու եզակի համալիր մըն է՝ ընդհանուր առմամբ աւելի քան 13 հազար ցուցանմուշով: Հաւաքածոյի հիմքը կը կազմեն  Այվազովսկիի 416 գեղանկարչական եւ գծագիր գործերը։