Թէոդոսիոյ վրայ ուքրաինական յարձակման հետեւանքով վնասուած է հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր թաղուած է Այվազովսկի

Թէոդոսիոյ մէջ 14-րդ դարուն կառուցուած հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր կը հանգչի աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի աճիւնը, վնասուած է քաղաքի նաւահանգիստին վրայ Ուքրաինայի զինուած ուժերու հրթիռային յարձակման հետեւանքով։ Լուրը կը հաղորդէ Ղրիմի ազգամիջեան առաքելութեան ներկայացուցիչ Զաուր Սմիրնով։

Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է 1330-ին եւ կը համարուի Թէոդոսիոյ ամէնէն հին հայկական տաճարը։

Խմբագրական