ԹՈՅՎՕ ՔԼԱԱՐ. «Հայաստանի հասցէին հնչող ազերպայճանական սպառնալիքները անընդունելի են»

 

Հարաւա­յին Կով­կա­սի եւ Վրաս­տա­նի ճգնա­ժամի հար­ցե­րու Եւ­րո­պական Միու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչ Թոյ­վօ Քլաար Մարտ 25-ին յայ­տա­րարած է, թէ ազեր­պայճա­նական լրաս­փիւռնե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի հաս­ցէին հնչող սպառ­նա­լիք­նե­րը անըն­դունե­լի են։ Ան չէ յստա­կացու­ցած թէ ո՞ր սպառ­նա­լիք­նե­րու մա­սին է խօս­քը, այնքան բազ­մա­թիւ ու բազ­մա­զան են անոնք։ Պար­զա­պէս, X ըն­կե­րային ցան­ցի իր հա­շիւին ան գրած է.

«Սահ­մա­նազատ­ման վե­րաբե­րեալ անհրա­ժեշտ են իրա­կան բա­նակ­ցութիւններ եւ բո­լոր տա­րած­քա­յին վէ­ճե­րը պէտք է լու­ծուին խա­ղաղ ճա­նապար­հով ու հա­մաձայ­նութեան ար­ժա­նացած գոր­ծընթա­ցի շրջա­նակ­նե­րու մէջ»։

Պա­քու քննա­դատած է Քլաարի յայ­տա­րարու­թիւնը

Յա­ջորդ օրը՝ Մարտ 26-ին, Ազեր­պայճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան մամ­լոյ բան­բեր Այ­խան Հա­ճիզա­տէ հա­կադար­ձե­լով Քլաարի յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն՝ իր կար­գին յայտնած է, թէ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ Եւ­րո­պական Միու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յացու­ցի­չը «չա­րիք կը տես­նէ մի՛այն ազեր­պայճա­նական գիւ­ղե­րու վե­րադար­ձի մա­սին օրի­նական վի­ճար­կումին մէջ»՝ ամ­բողջո­վին ան­տե­սելով «հայ­կա­կան մա­մու­լին մէջ ապօ­րինի բռնագ­րա­ւու­մը շա­րու­նա­կելու պայ­քա­րի կո­չերը»։

Հա­ճիզա­տէ ընդգծած է, թէ «ազեր­պայճա­նական չորս գիւ­ղե­րը տա­րած­քա­յին վէ­ճի առար­կայ չեն»։

Յի­շեց­նենք, թէ Պա­քու Երե­ւանէն կը պա­հան­ջէ ան­յա­պաղ իրեն վե­րադարձնել Տա­ւու­շի մար­զի եւ Ղա­զախի շրջա­նի սահ­մա­նագի­ծին գտնուող չորս գիւ­ղե­րը։ Իսկ Ազեր­պայճա­նի պա­հան­ջած այդ գիւ­ղե­րը, ըստ վար­չա­պետ Փա­շինեանի՝ տէ եու­րէ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին մաս չեն կազ­մեր՝ Ալ­մա­թիի հռչա­կագ­րին հա­մաձայն։ ■

Խմբագրական