Search
Close this search box.

«Թումօ ճամբար 2024»-ի արձանագրութիւնները սկսած են 

Եթէ կը փափաքիք ձեր 10–18 տարեկան պատանիներուն նոր արկածախնդրութիւններով, գիտելիքներով, ճամբորդութիւններով, միջազգային ծանօթութիւններով ու անմոռանալի յիշատակներով լի ամառ նուիրել, անպայման զանոնք արձանագրեցէք։ 

Աշխարհի տարբեր անկիւններէն ժամանող ճամբարականներու հետ միասին ձեր պատանիները պիտի բացայայտեն արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորումի (տիզայնի) 8 ոլորտներ, պիտի մասնակցին կրթական, մշակութային եւ ժամանցային բազմազան միջոցառումներու՝ Թումոյի մէջ եւ անկէ դուրս։

Ճամբարային ծրագրին մանրամասնութեան ծանօթանալու և արձանագրուելու համար այցելեցէ՛ք՝ https://camptumo.com

Ճամբարը վճարովի ծրագիր մըն է եւ նախատեսուած՝ Հայաստանէն դուրս բնակող պատանիներու համար, որոնք միայն ամառնային արձակուրդի առիթով Հայաստան կ՚այցելեն։ Իսկ Հայաստան բնակող պատանիները կրնան դառնալ Թումոյի ուսանող եւ անվճար կրթութիւն ստանալ։