ԹՈՒՐՔԻԱ – Հրանդ Տինքը սպանած Օկիւն Սամասթ ազատ արձակուած է, բանտին մէջ «լաւ վարք» ունենալուն համար

2007 Յունուար 19-ին «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը սպանած Օկիւն Սամասթ Նոյեմբեր 15-ին բանտէն ազատ արձակուած է։

Ենթական սպանութեան ատեն 17 տարեկան էր։ Ան ձերբակալուած էր սպանութեան յաջորդ օրը՝ 2007 Յունուար 20-ին, Սամսունի կառքերու կայանին մէջ։

Ըստ երեւոյթին մարդասպանը ազատ արձակուած է բանտին մէջ ցուցաբերած իր «լաւ վարք»-ին համար…։

«ՆՅ» – Այսպէսով կ՚ապացուցուի, որ Թուրքիոյ մէջ նուազ ծանրակշիռ է հայ մտաւորական մը սպանելը, քան գաղափարի «յանցանք» մը գործելը։ Վկայ՝ երկրին բանտերուն մէջ փտող անհամար քաղաքական գործիչները, լրագրողներն ու մտաւորականները։

Եւ դեռ ինչ ըսել խեղկատակ հետաքննութեանց, դատավարութեանց մասին, որոնք ոճիրէն աւելի քան 16 տարի ետք դեռ «չեն յաջողած» բացայայտել բուն ծալքերը, պատուիրատուները…։ 

Խմբագրական