ԹՈՒՐՔԻԱ – Մեծ երկրաշարժի առաջին տարելիցին՝ բողոքի ցոյց Հաթայի մէջ

Անցեալ տա­րի Թուրքիոյ հա­րաւա­յին շրջան­նե­րուն մէջ Փետ­րուար 6-ին տե­ղի ու­նե­ցած եւ ըստ պաշ­տօ­նական աղ­բիւրնե­րու՝ 57 հա­զար հո­գիի մա­հուան պատ­ճառ դար­ձած երկրա­շար­ժի տա­րելիցն է։ 

Այս առ­թիւ, աղէ­տէն ամէ­նէն շատ տու­ժած քա­ղաք­նե­րէն Հա­թայի մէջ մեծ հսկում մը կազ­մա­կեր­պուած է, աւե­լի քան 10.000 հո­գիի մաս­նակցու­թեամբ։ Ամ­բո­խին մէջ ինքնա­բուխ ցոյց մը ծայր առած է։ Ցու­ցա­րար­նե­րը իրենց վրդո­վու­մը յայտնած են ի տես իշ­խա­նու­թեանց կողմէ իրենց քա­ղաքին նկատ­մամբ ցու­ցա­բերուող խտրա­կան վե­րաբե­րու­մին։ Անոնք կա­ռավա­րու­թեան դէմ լո­զունգներ վան­կարկած են։ 

Կ՚ար­ժէ նշել, որ Հա­թայը այն քա­ղաքն է, ուր մեծ թիւ կը կազ­մեն Ալե­ւինե­րը եւ զա­նազան այլ փոք­րա­մաս­նութիւններ։ 

Խմբագրական