Search
Close this search box.

Ըստ թուրք վերլուծաբանին՝ «Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը լաւ, բայց փուճ երազանք է»

Թուրք ծանօթ լրագրող եւ մեկնաբան Մուրաթ Պարտաքճը յօդուած մը հրապարակած է՝ «Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը լաւ, բայց փուճ երազանք է» վերտառութեամբ։

Յօդուածագիրը կը դիտարկէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը՝ կասկածի տակ դնելով անոր իրատեսութիւնը:

Ըստ հեղինակին՝ հակառակ անոր որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը փափաքելի է, բայց գործնականին մէջ փուճ երազանք է շարք մը պատճառներով:

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դարաւոր թշնամանքին վերջ տալը եւ կողմերու միջեւ բնականոն դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելը, ի հարկէ, ցանկալի զարգացում մըն է, բայց ցաւօք այդ ընդամէնը սին երազանք է: Սահմանը կրնայ բացուիլ, բայց հակառակ փակ ըլլալուն՝ Թուրքիոյ մէջ արդէն տասնեակ հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ կան, որոնք այստեղ կ՚աշխատին, հետեւաբար սահմանի բաց կամ փակ ըլլալը առանձնապէս կարեւոր չէ, սակայն կողմերու միջեւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ այլնի հաստատումը հնարաւոր չէ»,– գրած է ան:

Հեղինակը կը մատնանշէ շարք մը խոչընդոտներ, որոնք ներկայ պայմաններու տակ թուրք-հայկական հաշտեցումը կը դարձնեն դժուար իրագործելի:

«1. Հայկական սփիւռքը Թուրքիոյ դէմ ատելութիւնը դարձուցած է վաստակի միջոց եւ թոյլ չի տար, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները ամբողջապէս կարգաւորուին:

2. Թուրքիա ստիպուած է մերժելու Հայաստանի առաջադրած “չեղած ցեղասպանութիւնը ճանչնալու” պայմանը:

3. Երկու ժողովուրդներու միջեւ արիւն հոսած է, իսկ արիւնը Արեւելքի մէջ երբեք չի մոռցուիր:

Մինչ Հայաստանն ու սփիւռքը զբաղած են զիրար ուտելով, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ շփումները, թէկուզ ցած մակարդակով ու լուռ, բայց կը շարունակուին, իսկ Թուրքիոյ մէջ բարի մտադրութիւններով, բայց երազկոտ որոշ շրջանակներ “մնայուն խաղաղութեան եւ բարեկամութեան” մասին երազներ կը տեսնեն»,– գրած է Պարտաքճը։

Հեղինակը նաեւ քննադատած է այն թուրք մտաւորականները, որոնք ամէն տարի Ապրիլ 24-ին ներողութիւն կը խնդրեն հայերէն, նշելով թէ այդ անպատասխանատւութիւն է, որ կը նշանակէ «իմ պապը մարդասպան էր, քու պապը սպանած է»։

Աղբիւր` HaberTürk