Թրամփի ընտրութեան ծանր հետեւանքները

Շուտով՝ 2024 Նո­յեմ­բերին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ԱՄ­Ն-ու նա­խագա­հա­­կան ընտրու­թիւննե­րը, որոնց իր թեկ­նա­ծու­թիւնը առա­ջադ­րած է Թրամփ, հա­կառակ ան­ցեալ շրջա­նին, Ճօ Պայ­տը­նի դի­մաց իր պար­տութեան։ Ընտրուելու պա­րագա­յին, այս մեծ ար­կա­ծախնդիր անձնա­ւորու­թիւնը նո­րէն Հա­յաս­տա­նի հա­մար կրնայ սպառ­նա­լիք դառ­նալ, ինչպէս որ պա­տահե­ցաւ 2020-ի 44-օրեայ պա­տե­րազ­մին։ Եւ ընդհան­րա­պէս ծանր հե­տեւանք կ՚ու­նե­նայ տա­րա­ծաշրջա­նին հա­մար, դա­տելով անցեալին անոր ու­նե­ցած բա­ցասա­կան ազ­դե­ցու­թե­նէն, որուն զոհ գա­ցին Քիւրտերն ու Պա­ղես­տինցի­ները։

ԱՄ­Ն-ու ժո­ղովուրդին ծայ­րա­յեղ աջա­կող­մեան թե­քու­մով՝ ԱՄՆ-ու դե­րակա­տարու­թիւնը մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզին մէջ բո­լորո­վին կը յե­ղա­շրջէ հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րը, թի­կունք կանգնե­լով ծայ­րա­յեղ աջ ղե­­կա­վար­նե­րու, ինչպէս՝ Էր­տո­ղանը, Ալիեւը, Նե­թանիահուն…։ Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, Թրամ­փի նա­խա­­գահ ընտ­ր­­ու­թիւնը, Ռու­սաստան-Թուրքիա-Ա-

զեր­պայճան երրեակը վերս­տին պի­տի մղէ 2020-ին սկսած գոր­ծը իր աւար­տին հասցնե­լու, Սիւ­նի­քի մի­ջանցքը Հա­յաս­տա­նին պար­տադրե­լով։

Ան­կախ՝ Թրամ­փի թեկ­նա­ծու­թեան Հա­յաս­տա­նի հա­մար ներ­կա­յացու­ցած վտան­գէն, ան նոյնքան ահ ու սար­սափ կը յա­ռաջաց­նէ մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ, քանի որ հա­մաշ­խարհա­յին աւան­դա­կան քա­ղաքա­կան դա­շինքնե­րը սա­սանող, խնդրա­կանաց­նող են անոր քա­ղաքա­կան ան­կանխա­տեսե­լի, ան-

սպա­սելի որո­շումնե­րը։ Ար­դէն ան­հանգստու­թիւնը զգա­լի է ՕԹԱՆ-ի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, երբ վեր­ջերս ան յայ­տա­րարեց, թէ ԱՄՆ պի­տի չե­րաշ­խա­ւորէ Եւ­րո­պայի իր դաշ­նա­կից­նե­րուն պաշտպա­նու­թիւնը Ռու­սաս­տա­նի յար­ձա­կումնե­րուն դէմ։

Անակնկալ մը չէր Ալիեւի նա­խա­գահ վե­րընտրուիլը։ Ան ամ­րա­­պնդեց իր դիր­քե­րը, իբր ընտրա­կան յաղ­թա­թուղթ գոր­ծա­ծելով Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի դէմ իր յաղ­թա­նակ­նե­րը։ Ար­դէն սկսան գրգռութիւնները։ Երեք­շաբթի օր, սահ­մա­նային բա­խու­մին հայ­կա­կան կող­մը տուաւ 4 զոհ եւ մէկ վի­րաւոր։

Այս առ­թիւ կա­րեւոր է նշել Ար­ցա­խի մէջ տե­ղակա­յուած ռուսական զօ­րախումբի ապագայի հարցը, որու հինգամեայ ներկայութիւնը ըստ 2020 Նո­յեմ­բեր 9-ի համա­ձայ­ն­ու­թեան՝ իր աւար­տին կը հաս­նի 2025-ին։ Ար­դէն, ան­ցեալ Սեպ­տեմբեր 20-էն, երբ Ար­ցա­խահա­յու­թիւնը ցե­ղային զտու­մի են­թարկուեցաւ ռուսական զօ­րախումբի ներ­կա­յու­թեան ու անոր ան­գործու­թեամբ, յստակ էր որ Ռու­սե­րուն ներ­կա­յու­թիւնը Ար­ցա­խի մէջ անի­մաստ դար­ձած էր։ Այ­սուհան­դերձ, Ազե­րինե­րը դեռ կը հան­դուր­ժեն անոնց ներ­կա­յու­թիւնը։ Ին­չո՞ւ։

2023-էն սկսեալ Ալիեւ փա­րե­ցաւ Ռու­սաստա­նի, հրաժարելով Պրիւսէ­լի եւ Ուա­շինկ­թը­նի միջ­նորդու­թեամբ արեւմտեան եռա­կողմ հան­դի­պումնե­րէն։ Արցախի մէջ Ռու­սե­րու ներ­կա­յու­թիւնը իբ­րեւ պատ­նէշ գոր­ծա­ծեց մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան եւ յատ­կա­պէս արեւ­մտեան դի­տոր­դա­կան առա­քելու­թիւննե­րուն հոն այ­ցե­լու­թիւնները խա­փանե­լու, ցե­ղային զտման քննու­թիւննե­րէ խուսափելու համար։ Կայ նաեւ երկրորդ ու թե­րեւս աւե­լի կարեւոր դրդա­պատ­ճառ մը. որե­ւէ յար­մար առի­թի, այդ բա­նակը պի­տի գոր­ծա­ծուի Հա­յաս­տա­նի դէմ Ազեր­պայճա­նի կող­մէ զի­նեալ յար­ձա­կու­մի ընթացքին, իշ­խա­նափո­խու­թիւն կա­տարե­լու հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նափո­խու­թեան հարցը 2020-էն ի վեր անընդհատ կրկնուող նիւթ է հա­յաս­տա­նեան ներ­քա­ղաքա­կան ընդդի­մադիր եւ ռու­սա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ։ Ռու­սաստան, ան­դա­դար կը զգու­շացնէ Հա­յաս­տա­նը իրմէ հե­ռանա­լով դէ­պի Արեւ­մուտք՝ նոր դաշ­նա­կից­ներ փնտռե­լու վտանգնե­րուն մա­սին, Ար­ցա­խի մէջ իր ան­գործու­թեան մեղ­քը բեր­ձնե­լով Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րու ուսերուն վրայ։ Յստակ է որ առի­թը պի­տի չփախցնէ Հա­յատա­նի մէջ իրեն հպա­տակ իշ­խա­նու­թիւն ձե­ւաւո­րելու, որուն գլխա­ւոր առի­թը կրնայ հան­դի­սանալ Թրամ­փի ընտրու­թիւնը, որ Ռու­սաստան-Ուքրաինա պա­տե­րազ­մին ԱՄՆ-ու մաս­նակցու­թիւնը նուազեցնելու կողմնակից ըլլալով, տարածաշրջանին մէջ ռուսական գերիշխանութիւնը վերահաստատելու նոր առիթներ պիտի ընձեռէ։ 

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական