Թրքական բացարձակապէս «փայլուն» գաղափար մը՝ Թուրքիոյ «Գեր բաժակ»-ի մրցումը խաղալ Ստեփանակերտի մէջ

Նկարը, զոր Օղան կցած է իր գրառման

Թուրքիոյ «Գեր  բաժակ»-ի (Supercoupe) մրցումը երկրին համբաւաւոր երկու ակումբներուն՝ Կալաթասարայի եւ Ֆեներպահչէի միջեւ նախատեսուած էր խաղալ Սաուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքին՝ Ռիյատի մէջ, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29-ին։

Բայց, անհաւատալի զարգացումներով, մետասաներորդ պահուն ջնջուեցաւ այդ խաղը։ 

Մինչ տասնեակհազարաւոր թուրք համակիրներ Թուրքիայէն եւ Եւրոպայի չորս ծագերէն փութացեր էին Ռիյատ ու իրենց տեղերը գրաւեր մարզադաշտի նստարաններուն վրայ ու կը սպասէին մրցումի սկիզբը ազդարարող՝ մրցավարի սուլոցին, յայտարարուեցաւ, որ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ, քանի որ երկու ակումբները կը մերժեն դաշտ իջնել։ 

Ինչո՞ւ։ 

Ըստ պաշտօնական տեղեկատւութեան՝ խումբերը փափաքած են վրան Աթաթիւրքի նկարներով մարզաշապիկներով, ինչպէս նաեւ անոր նշանաւոր խօսքերէն (Թուրքերու համար) նմուշներ կրող պաստառներով դաշտ իջնել, ինչ որ կտրականապէս մերժուած է սաուտական պատկան իշխանութիւններու կողմէ։ Երկու ակումբներն ալ որպէս հակազդեցութիւն այս մերժումին՝ հրաժարած են դաշտ իջնելէ։ 

Այս միջադէպը հիմա բազմած է Թուրքիոյ օրակարգին գագաթը։ Բանավէճը համատարած դարձած է։ Ոմանց կարծիքով՝ սոսկ նիւթական շահադիտութիւններէ մեկնելով կայացուած էր մրցումը Ռիյատ կազմակերպելու որոշումը, ուրիշներու համար՝ ի սկզբանէ նախատեսուած ու հաշւուած ծրագիր մըն էր՝ Աթաթիւրքի երեւոյթը վեր առնելու միտող, շատեր ալ առաջնակարգ հարց կը նկատեն իրենց ենթարկուած անպատւումը, մինչ իշխանամէտ, հետեւաբար Աթաթիւրքի թշնամի շրջանակներ հազիւ թէ կը թաքցնեն իրենց հրճուանքը եւ այլն, եւ այլն… առանց մոռնալու ահագին գումարներ ծախսելով մինչեւ Ռիյատ ի զուր երթուադարձ կատարածներու բանակին զայրոյթը։

Այս բանավէճին զուգահեռ ալ սկսած է ուրիշ բանավէճ մը, թէ հիմա ո՞ւր կազմակերպել յետաձգուած այդ մրցումը։ Ոմանց կարծիքով պատահածը դաս պէտք է ծառայէ ու երկրէն դուրս պէտք չէ ծրագրել նման հանդիպումներ։ Կան ուրիշներ որոնք դեռ  կառչած կը մնան արտասահմանեան այլընտրանքին (պէտք է խոստովանիլ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ նորաձեւութիւն դարձած է կարեւոր մրցումներ արտասահման խաղալը, եւ Թուրքերը շատ կը սիրեն կապկել նման նորաձեւութիւններ) ու  կ՚առաջարկեն զանազան քաղաքներու անուններ։

Ասոնցմէ է Թուրքիոյ նախագահական վերջին ընտրութեան թեկնածուներէն ազգայնական Սինան Օղան, որ այլապէս «փայլուն» գաղափար մը յղացած է։ Ան կ՚առաջարկէ մրցումը խաղալ Ստեփանակերտ։ X-ի իր հաշիւին ան կը գրէ.

«Եթէ կ՚ուզէք անպայման խաղալ արտասահմանի մէջ, կ՚առաջարկեմ Խանքենտիի (Ստեփանակերտ – «ՆՅ») մարզադաշտը։ Հակառակ պարագային՝ այս աւարտականը վայել է մայրաքաղաքին (Անգարայի – «ՆՅ»)։

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժ.-Ք. Պիւիսոն X-ի իր հաշիւին հետեւեալ տողերով կը մեկնաբանէ Օղանի առաջարկը.

«Թրքական ազգայնական դէմքերէն Սինան Օղան, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն 3-րդ դիրքի վրայ հասնելէ ետք միացաւ Էրտողանին, կ՚առաջարկէ Թուրքիոյ Գերբաժակի մրցումը խաղալ Արցախի մէջ, Ստեփանակերտ, դիակներու վրայ եւ երեք ամիս առաջ բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան ուրուականներուն միջեւ»

Պիւիսոն իր գրառումը կ՚աւարտէ «փսխելիք» խորհրդանշող էմոժի-ով։

 

Խմբագրական