Ժ.-Ք. ՊԻՒԻՍՈՆԻ ԱՆԿԻՒՆԸ – «Հայաստան՝ աւելի քան երբեք սպառնալիքի ենթակայ»

«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժ.-Ք. Պիւիսոն X  ընկերային ցանցի իր հաշիւին կը գրէ.

«Երկու օրուան մէջ Ազերպայճան մեծ պայմանագիր մը ստորագրեց թրքական ռազմական անօդաչու սարքեր արտադրող Bayraktar-ի հետ եւ Նախիջեւանի մէջ անոր բանակը ստուարածաւալ ռազմափորձեր կատարեց՝ «սահմանափակ ժամանակի մէջ մարտական ​​ծրագրերու մշակման համար»։ Հայաստան աւելի քան երբեք սպառնալիքի ենթակայ է»։

Խմբագրական