Search
Close this search box.

Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումը

Յունուար 31-ին, Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պետական սահմանի զատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի 6-րդ հանդիպումը: 

Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը եւ անդրադարձած կազմակերպչական ու ընթացակարգային շարք մը հարցերու։