ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Հայաստանի դեսպանուհիին այցը՝ Պառի

2024 Յունուար 5-ին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան այցելած է Պառի քաղաքը: Ան հանդիպում ունեցած է փոխքաղաքապետ Էուճենիօ Տի Շիաշոյի հետ, քննարկելով Հայաստանի և Պառի քաղաքին միջեւ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման, մշակութային եւ արհեստագիտական բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան աշխուժացման հարցեր եւ ընդհանրապէս երկու երկիրներու միջեւ աճող տնտեսական փոխանակումներով ստեղծուած կարելիութիւնները։

Հանդիպման աւարտին դեսպանուհին «Արմենի Ափուլիա» ընկերակցութեան քարտուղար եւ «Հրանտ Նազարեանց» ուսումնական կեդրոնի նախագահ Գառլօ Գոփոլան պարգեւատրած է Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի շնորհած «Երախտագիտութեան շքանշան»-ով։

Տիկին Համբարձումեան այցելած է շրջանի Սան Փիեթրօ Վերնոթիքօ եւ Սան Վիթօ տեյ Նորմաննի համայնքներ, ուր հանդիպումներ ունեցած է քաղաքապետերու, քաղաքային խորհուրդի անդամներու, խորհրդականներու հետ, որոնք սատար հանդիսացած են նշեալ համայնքներու կողմէ Արցախի ճանաչման գործին:

Խմբագրական