ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Հռոմի մէջ կը ցուցադրուին հայկական եկեղեցիներուն որմնանկարները

2024 Մարտ 21-ին, Հռոմի Vallicelliana գրադարանին մէջ, Via della Chiesa Nuova, 00186 Rome, ժամը 17.30-ին տեղի կ՚ունենայ «Հայաստան. Է.-ԺԳ. դարերու հայկական եկեղեցիներու որմնանկարներ» լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը։

Ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց կը մնայ մինչեւ Ապրիլ 20։

***

Հռոմի մէջ ցուցադրուած է Իննա Սահակեանի «Աւրորայի Լուսաբացը» ժապաւէնը

Մարտ 10-ին, Հռոմի մէջ ցուցադրուած է Իննա Սահակեանի «Աւրորայի Լուսաբացը» ժապաւէնը։

Նախքան ցուցադրութիւնը Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկաներուն նշած է, թէ սոյն վաւերագրական ֆիլմը հիմնուած է իրական պատմութեան վրայ ու կը պատմէ Աւրորա Մարտիկանեանի մասին, որ երիտասարդ հասակին ականատես եղաւ հայոց ցեղասպանութեան սարսափելի իրողութեան բայց կրցաւ փրկուիլ ու փախչիլ Ամերիկա, ուր «ջանաց դիմագրաւել կեանքի ամէնէն դժուար մարտահրաւէրը, որ մնալն է մարդ արարած ու մարդկային, հակառակ ճակատագրի դաժան հարուածներուն»։

Խմբագրական