Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ –  “World Wide Mecenate” միջազգային թատերական մրցանակաբաշխութիւնը

Նոյեմբեր 20-ին, Հռոմի Teatro Golden թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է “World Wide Mecenate” միջազգային թատերական մրցանակաբաշխութիւնը, կազմակերպութեամբ՝ Հռոմի «Compagnia Ad Hoc»-ի եւ Թիվոլիի «I Sani da Legare» ընկերակցութեան, հովանաւորութեամբ՝ Լացիոյի տարածաշրջանային խորհուրդին։

Այս տարի Երեւանի պետական տիկնիկային թատրոնը Bukowski ներկայացման համար յաղթող խումբերու շարքին կը գտնուէր:

Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Մարիետա Ստեփանեանին յանձնուած է մրցանակը։ Ան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է. 

«Պատմական են հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու մշակութային եւ աւանդական յարաբերութիւնները։ Առիթէն օգտուելով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Իտալիոյ եւ իտալացի ժողովուրդին այս տեսակ մշակութային նախաձեռնութիւններ առաջարկելնուն համար, քանի որ մշակոյթի, աւանդութիւններու եւ հարազատութեան նման օրինակները թոյլ կու տան ամրապնդելու  թէ՛ միջպետական, թէ՛ ալ բարեկամական կապերը երկու ժողովուրդներու միջեւ”: