Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – «Վերածնունդ – 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989» գիրքի շնորհահանդէսը

 

Փետրուար 9-ին, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, L’angolo di Amèlie մշակութային կեդրոնի եւ Fuoriliea հրատարակչութեան համագործակցութեամբ, Մոնթեռոթոնտօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Վերածնունդ – 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989» գիրքի շնորհահանդէսը։ 

Լոյս տեսած հատորը կը ներառէ 19-20-րդ դարերու հայ բանաստեղծներ՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Մետաքսէի, Ռազմիկ Դաւոյեանի 101 ստեղծագործութիւն՝ իտալերէն թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ վերջիններուս կեանքի մասին համառօտ ակնարկ մը: 

Ժողովածուն կազմած եւ թարգմանած է Մարիամ Երեմեան։ 

Շնորհահանդէսին ելոյթներով հանդէս եկած են դեսպանուհի Ծովինար Համբարձումեան, Մոնթեռոթոնտօ քաղաքի մշակութային հարցերու խորհրդական Մարիաննա Վալենթի, Մ. Երեմեան, լրագրող Վերոնիք Վիրիլիօ, գիրքի հրատարակիչ Ֆրանքօ Էսփոզիթօ Սոյքարտի։

Հետաքրքրական ձեռնարկը եզրափակուած է բանաստեղծութիւններու գեղեցիկ եւ յուզիչ կատարողութեամբ եւ փոքրիկ թատերական (մէկ արար) ներկայացումով։

Աւարտին ներկաները հիւրասիրուած են հայկական համադամներով։