Search
Close this search box.

Իրանի դեսպանը այցելած է Մատենադարան, ծանօթացած հայերէն ձեռագրերուն եւ ընդգծած հայ-իրանական մշակութային կապերու կարեւորութիւնը

Մատենադարանի մամլոյ ծառայութենէն կը հաղորդեն, թէ Յունուար 19-ին Մատենադարան այցելած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի եւ դեսպանութեան մշակոյթի կցորդ Մոհամմէտ Ասատի Մովահէտ։

Դեսպանը ընդգծած է հայ-իրանական գիտամշակութային կապերու արմատացման գործին մէջ Մատենադարանի կարեւոր դերակատարութիւնը, որ ոչ միայն հայերէն ձեռագրերու եւ քրիստոնէական արժէքներու ուսումնասիրութեան եւ պահպանման կեդրոն մըն է, այլեւ ուրիշ կրօններու եւ մշակոյթներու հետազօտութեան բացառիկ հաստատութիւն մը։

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան ներկայացուցած է յառաջիկային Մատենադարանի պատուիրակութեան Իրան կատարելիք այցելութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ ցարդ  իրագործուած ծրագրերն ու նախատեսուող միատեղ միջոցառումները։

Տնօրէնը մասնաւորապէս անդրադարձած է Մարտ ամսուն կայանալիք հայ-իրանական գիտաժողովին եւ տարեվերջին նախատեսուող իրանահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Անտրէ Սեւրուկեանի ծննդեան 130-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։

Դեսպան Սոպհանի՝ համակողմանի աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ Մատենադարանի տնօրէնութիւնը դեսպանութիւն հրաւիրած։