ԻՐԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հայաստանի եւ Իրանի Պաշտպանութեան նախարարներուն հանդիպումը

Մարտ 6-ին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի Իրան կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ շարք մը համաձայնութիւններ գոյացած են՝ Իրանի իր պաշտօնակից Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանիի հետ հանդիպումին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ներկայի ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները:

Նախարարները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ, վերահաստատելով իրենց կեցուածքը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման վերաբերեալ:

Նոյն օրը Պապիկեան տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Իրանի Սպայակոյտի պետ զօրավար Մոհամմատ Պատերիի հետ։ Քննարկուած են ռազմական համագործակցութեան ու տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր։ Այս կապակցութեամբ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այլ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած։

Խմբագրական