Search
Close this search box.

ԼԱ ՀԷՅ – ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆ – «Հայաստան ընդդէմ Ազերպայճանի» դատին ունկնդրութիւնները

Ընդգծուեցաւ, որ Արցախի Հայերը ցեղային զտման ենթարկելու ծրագիրը իրականութիւն է

Հոկտեմբեր 12-ին, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին (Լա Հէյ) մէջ տեղի ունեցան «Հայաստան ընդդէմ Ազերպայճանի» դատին ունկնդրութիւնները։ 

Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ելոյթ ունենալով յայտարարեց, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը ցեղային զտման ենթարկելու ծրագիրը արդէն իրականութիւն է», ընդգծելով, որ ինն ամիս առաջ դարձեալ այս ամպիոնէն ինք նախազգուշացուցած էր, որ Ազերպայճան այդպիսի ծրագիր մը կը մշակէ։

Եղիշէ Կիրակոսեան

“9-ամսեայ շրջափակումէն ետք, կոպտօրէն խախտելով Ատեանի որոշումները եւ ի հեճուկս միջազգային համայնքի բուռն դատապարտումին, Ազերպայճան Սեպտեմբեր 19-ին նախաձեռնեց  վայրագ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Ապա Պաքու լկտիօրէն բացաւ Լաչինի միջանցքը՝ ՄԷԿ նպատակով, որ 100 հազարէ աւելի փախուստի դիմող Հայերը դուրս հանէ Ղարաբաղէն: Հազարամեակներ շարունակ Լեռնային Ղարաբաղի ճնշող մեծամասնութիւնը Հայեր եղած են, այսօր այնտեղ Հայ գրեթէ չէ մնացած. եթէ սա ցեղային զտում չէ, տիկի՛ն նախագահ, ապա ես չեմ գիտեր՝ ո՞րն է ցեղային զտումը”,– ըսաւ Կիրակոսեան:

“Ազերպայճան իր գործողութիւններով բազմիցս ապացուցած է, թէ ոչ միայն պատրաստ է ապակողմնորոշելու միջազգային հանրութիւնը, այլ նաեւ թիւր կերպով ներկայացնելու Ատեանի որոշումները”,– շարունակեց Կիրակոսեան՝ շեշտելով, որ այս պայմաններուն մէջ Արցախի Հայերուն իրաւունքները պաշտպանող միջանկեալ միջոցներով մի՛այն կարելի պիտի ըլլայ կանխել ցեղային զտումի շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանել Արցախի բանտարկուած ռազմաքաղաքական առաջնորդները՝ շինծու մեղադրանքներէն:

“Թոյլ տուէք պարզ խօսիլ։ 2020 Սեպտեմբերէն ի վեր Ազերպայճան քայլերու ձեռնարկած է՝ ցեղային զտման ենթարկելով Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ Հայերը, եւ այդ ըրած է այս Ատեանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցած դիմումի քննարկման զուգահեռ։ Թերեւս քաղաքական նպատակներու պատճառով միջազգային հանրութիւնը չէ դադրեցուցած այդ գործընթացը, բայց ցեղային զտման իրականութիւնը պարզ է բոլորին։ Այսօր դուք տակաւին կրնաք էապես փոխել կացութիւնը, դեռ ժամանակ կայ կանխելու Հայերու հարկադիր տեղահանութեան անշրջելիութիւնը։ Հատուկենտ Հայեր մնացած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ Հայեր առեւանգուած են եւ ապօրինի կը պահուին Ազերպայճանի բանտերուն մէջ”,– նշեց Եղիշէ Կիրակոսեան։

Հայկական կողմի շահերը պաշտպանեցին նաեւ շարք մը միջազգային մասնագէտներ։

Փաստաբան Էլիսըն ՄըքՏանըլտ յայտարարեց, թէ “սա պահուս, երբ մենք կը խօսինք՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը ցեղային զտման կ՚ենթարկուին։ Այս Ատեանը պէտք է հրատապ քայլերու ձեռնարկէ”։

Ան հրապարակելով Արցախէն գաղթող Հայերու լուսանկարները՝ կարեւոր համարեց անոնց ապահով տուն վերադարձը, անոնց՝ լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը սեփական հողին վրայ պահպանելը: Փաստաբանը շեշտեց, թէ Պաքու դէմ է միջազգային դէտերու ներկայութեան՝ Հայերուն վերադարձի կարելիութիւն չընձեռելու նպատակով, եւ բուռն կերպով քննադատեց ՄԱԿ-ի առաքելութեան «թատերական այցելութիւն»-ը:

Էլիսըն ՄըքՏանըլտ

Ռազմական վերջին գործողութիւններէն, քանդուած խաչի մը, Ստեփանակերտի մէջ փողոցի մը Ցեղասպանութեան պարագլուխներէն Էնվերին անունով վերանուանումէն լուսանկարներ ցոյց տուաւ իրաւաբան Մարթին Լորընս, որ հայկական դրօշակի գոյներով փողկապով եկած էր դատարան:

Մարթին Լորընս

“Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ապացուցեցին, որ Հայերը ճիշդ ըրին Լեռնային Ղարաբաղէն փախուստ տալով, որովհետեւ յարձակումէն քանի մը օր յետոյ Ազերպայճան ապօրինաբար ձերբակալեց Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական վերնախաւը։ Ցարդ 8 գործիչներ, անոնց մէջ՝ 3 նախկին նախագահներ ձերբակալուած են, եւ տակաւին 300 հետախուզուողի մասին կը խօսուի”,– մատնանշեց իրաւաբանը։ 

Աւելի քան երկու ժամ տեւած ունկնդրութիւններու ընթացքին անդադար կրկնուող հաստատումը այն էր, թէ Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը հարկադրուած էր լքելու իր հայրենիքը, Իսկ Ազերպայճան ներկայիս քայլերու կը դիմէ, որպէսզի Հայերուն վերադարձը անկարելի դարձնէ։

10 կէտերէ բաղկացած դիմումով, Երեւան կ՚ակնկալէ, որ Ազերպայճան ետ կը քաշէ իր զօրքերը Սեպտեմբեր 19-20 գրաւած բնակավայրերէն, չի միջամտեր հայերու հետ ՄԱԿ-ի եւ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներու աշխատանքներուն եւ պատժիչ միջոցներու չի ձեռնարկեր Արցախի իշխանութիւններու նախկին կամ ներկայ ներկայացուցիչներուն դէմ։

Պատասխան ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչ Էլմար Մամետով, որ վստահեցուց, թէ Ազերպայճան ցեղային զտումի նպատակ չի հետապնդեր, Հայաստանի մեղադրանքները անհիմն են, Հայերը կրնան վերադառնալ իրենց տուները եւ թէ անոնց ապահով վերադարձին համար պայմաններ պիտի ստեղծուին…։

Տակաւին յստակ չէ, թէ երբ պիտի հրապարակուի ՄԱԿ-ի Ատեանի միջանկեալ որոշումը։