Լեզուն՝ սփիւռքեան մշակութային ժառանգութիւն

Ստեղ­ծե­լով Ֆրան­սախօսութեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւ­նը՝ Ֆրան­սա լե­զուա­կան մշա­կոյ­թին ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նակու­թիւն տուած է։ Այդ կազ­մա­կեր­պութիւ­նը կը հա­մախմբէ ֆրան­սա­խօս բո­լոր եր­կիրնե­րը, որոնց հետ ան կը բաժ­նեկցի լե­զուի մի­ջոցով քա­ղա­քակրթա­կան ար­ժէքներ։ 

Տա­րագիր Հա­յու­թիւնն ալ Ֆրան­սա հաս­տա­տուած առա­ջին օրէն կա­րեւո­րու­թիւն տուած է հա­յախօ­սու­թեան, լե­զուին, իբ­րեւ ինքնու­թեան կռուան, Երկի­րէն, Արեւմտա­հայաս­տա­նէն պահ­պա­նած իբրեւ ան­նիւթա­կան ժա­ռան­գու­թիւն։ Սա­կայն չէ կրցած լրիւ հա­յախօս հա­մայնք մը ստեղ­ծել, ինչպէս Մի­ջին Արե­ւել­քի Հա­յու­թիւնը։ Պատ­ճառնե­րը շատ են, լուրջ ու­սումնա­սիրու­թիւն ալ չէ եղած հասկնա­լու հա­մար իրո­ղու­թիւնը։ Այ­սուհան­դերձ, Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին կրցած է պահ­պա­նել հա­յերէն լե­զուն իբ­րեւ ծի­սական լե­զու։ Եկե­ղեցին դար­ձած է հա­յերէ­նով ար­տա­յայ­տուելու վայր։ Սա­կայն, այ­սօր, նոյ­նիսկ եկե­ղեց­ւոյ մէջ հա­յերէ­նը կը նա­հան­ջէ։ Յատ­կա­պէս եւ զար­մա­նալիօրէն Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք։ Ժո­ղով­նե­րը կ՚ըլ­լան ֆրան­սե­րէն, հա­ղոր­դագրու­թիւննե­րը՝ նոյնպէս, եկե­ղեց­ւոյ՝ լրա­տուն նոյնպէս։ Իսկ երբ պա­տահի որ հա­յերէն հա­ղոր­դագրու­թիւն մը լոյս տես­նէ, ի յայտ կու­ գայ հա­յաս­տա­նեան ուղ­ղագ­րութեամբ արե­ւելա­հայե­րէնը։ Արեւմտա­հա­յե­րէնը, դա­սական ուղղագ­րու­թիւ­նը կոր­սուելու, ան­հե­տանա­լու ըն­թաց­քի մէջ են։ 

Բա­րեբախ­տա­բար, Կա­թողի­կէ եւ Աւե­տարա­նական եկե­ղեցի­ները տա­կա­­ւին կը պահ­պա­նեն երկլեզ­ւութեան սկզբունքը հա­յերէ­նի եւ ֆրան­սե­րէնի զու­գա­հեռ գոր­ծա­ծու­թեամբ իրենց հրա­տարա­կած լրա­տու­նե­րուն մէջ։ Ինչպէս նաեւ արեւմտա­հայե­րէնն ու դա­սական ուղղագ­րութիւ­նը, իբ­րեւ սփիւռքեան աւան­դա­կան լե­զու եւ ուղղագ­րութիւն։ 

Աբեղեանական ուղղագրութեամբ արեւելահայերէնի երեւոյթը ծայր առած է Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խացումէն ետք, Էջ­միած­նէն Ֆրան­սա պաշ­տօ­նի կո­չուած եկե­ղեցա­կան­նե­րու կող­մէ գոր­ծա­ծու­թեամբ, որ չէ ար­ժա­նացած տե­ղա­կան Ծխա­կան խոր­հուրդնե­րու հա­կազ­դե­ցու­թեան՝ հայերէնի տի­րապե­տու­թեան պա­կասի կամ ան­տարբե­րու­թեան պատ­ճ­­առով։ Այսպէսով, տե­ղական լե­զուա­կան աւան­դութիւ­նը ան­դառնա­լիօրէն ձե­ւափո­խման ըն­թացքի մէջ է։ 

Ընդհան­րա­պէս Թե­մակալ առաջ­նոր­­դը եւ Թե­մական խոր­հուրդը կրնան ուղ­ղել, սրբագ­րել, պա­հան­ջել, որ յար­գուի տե­ղական ուղղագ­րա­կան աւան­դոյթը։ Սա­կայն տա­կաւին, այս առնչու­թեամբ հան­րա­յին ոչ մէկ հա­ղոր­դագրու­թիւն հրա­պարա­կուած է։ Ան­ցեալին Թե­մակալ առաջ­նորդը սփիւռքա­հայ ըլ­լա­լով, բնա­կանա­բար որոշ հա­ւասա­րակշռու­թիւն կը պահ­պա­նուէր։ Սա­կայն, Հայր Խա­չատ­րեանի ընտրու­թեամբ, անո­րոշու­թիւն կը տի­րէ։ Դիր­քե­րը տա­կաւին յստակ չեն։ Յամենայն դէպս, յստակ է որ ֆրան­սե­րէնը, արե­ւելա­հայե­րէնը եւ աբեղեանա­կան ուղղագ­րութիւ­նը ընդ­հան­րա­նալու վրայ են ծու­խե­րուն մէջ։

Մշա­կու­թա­յին այս խո­տորու­մին դար­մա­նու­մի անհրա­ժեշ­տութեան բաց նա­մակով կ՚անդրա­դառ­նայ Գե­ղամ Գե­ւոնեան, որ Փա­րիզի ծու­խի եւ Թե­մական պատ­գա­մաւո­րական ժո­ղովի ան­դամ է, ծա­նօթ է իբ­րեւ պատ­մա­գէտ ու Եր­կիր եւ Մշա­կոյթ կազ­մա­կեր­պութեան հա­մահիմ­նա­դիր։ Բաց նա­մակը թէեւ յղուած է Փա­րիզի ծու­խին հո­գեւոր հո­վիւին, սա­կայն շատ զգու­շութեամբ կը նշէ, թէ հար­ցը ազ­գա­յին բնոյթ կը կրէ եւ կը վե­րաբե­րի արա­տի մը, որ հե­տեւանք է սո­վետա­կան կար­գե­րու, որոնք Հա­յաս­տա­նին պար­տադրե­ցին ուղղագ­րութիւն մը՝ հայ հա­սարա­կու­թիւնը ան­ջա­տելու համար իր ան­ցեալի գրա­ւոր ու հո­գեւոր ժա­ռան­գութե­նէն, Սո­վետա­կան Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցին ան­ջա­տելու համար Սփիւռքա­հայէն։ 

Այս խնդրի գի­տակ­ցումն է որ կա­րեւոր է, ուր Եկե­ղեցին մեծ դե­րակա­տարու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ ուղղագ­րու­թեան գոր­ծած աւե­րը սրբագ­րե­լու գործին մէջ, քա­նի միակ հա­մազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւնն է որ ներ­կայ է թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Սփիւռքի տա­րած­քին, որ տու­ժած է սո­վետա­կան կար­գե­րու ուղղագ­րա­կան փո­փո­խու­թիւննե­րէն։ Գի­տակից է աւան­դա­կան ուղղագ­րութեան մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քին, տէրն ըլ­լա­լով գրա­բար դա­րա­ւոր աւան­դոյթնե­րուն։ Իր 1700-ամեայ պատ­մու­թիւ­նը իրեն կ՚ընձեռէ իր հո­ղէն զրկուած ու ան­պաշտպան մնա­ցած արեւմտա­հայ լե­զուն եւ գրա­կան ժա­ռան­­գու­թեան տէր կանգնելու այդ հե­ղի­նա­կու­թիւնը։

Մա­նաւանդ այս օրե­րուն, Ար­ցա­խի Հա­յու­թեան կրած ցե­ղային խտրա­կանու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ, ուր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պաշտպա­նու­թիւնը կը պա­հան­ջուի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թե­նէն, ճիշդ չէ որ նո՛յն սո­վետ­նե­րու պար­տադրած ուղղագ­րութեան աւե­րէն տուժած արեւմտա­հայ գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը ան­տէ­րու­թեան մատ­նուի ու զոհ դառ­նայ սո­վետա­մէտ մտայ­նու­թեան։ 

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական