Լիբանանահայութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած է մարտնչող ու խիզախ Արցախահայութեան

«Ազդակ» – Լիբանանահայութիւնը Սեպտեմբեր 1-ի ամբողջ օրուան ընթացքին ստորագրահաւաքով, երեկոյեան համախմբումով եւ գիշերուան մոմավառութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախի հողին իրաւատէր ու պաշտպան Արցախահայութեան, որ հակառակ Ազերպայճանի պարտադրած շրջափակումին, մարդասիրական ծանր ճգնաժամին, հացի, դեղորայքի եւ կենսական նշանակութեան պայմաններու բացակայութեան, կը շարունակէ ապրիլ իր հարազատ տարածքին վրայ, կառչած է իր զաւակներուն արեամբ եւ բիւրաւոր նահատակներուն շնորհիւ ձեռքբերուած հողին, կը մերժէ ազերպայճանական ամէն տեսակի կեղծ օժանդակութիւն, խիզախօրէն կը պայքարի եւ դժուարութեամբ կը գոյատեւէ` հաւատալով, որ պիտի գայ օրը, երբ արդարութիւն պիտի հաստատուի, իր մարտնչումը պիտի աւարտի յաղթանակով եւ ինքնորոշման իրաւունքի հաստատումով:

 

Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, լիբանանահայ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայնքապետեր, պատասխանատուներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ, հայորդիներ, նոյնիսկ օտարներ իրենց ստորագրութիւնը դրած են Պուրճ Համմուտի հրապարակին վրայ զետեղուած Արցախի դրօշակին վրայ` հաստատելով, որ իրենք եւս զօրակից են Արցախ բնակող իրենց քոյր-եղբայրներուն:

Արցախի սրբազան դրօշակին վրայ ստորագրելէ ետք «Վանայ Ձայն»-ի ճամբով իրենց խօսքը ուղղած են հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ կրօնական երեք համայնքապետերը:

Խմբագրական