Search
Close this search box.

Լոյս տեսած է «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» եռալեզու պատկերագիրքը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ, Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով լոյս տեսած է արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը, բաղկացած երեք մասերէ` արցախեան 44-օրեայ պատերազմ, պատերազմէն ետք իրավիճակ եւ Արցախի շրջափակում։

Պատկերագիրքը ստանալու համար կարելի է դիմել Համազգայինի շրջանային վարչութիւններուն եւ գրասենեակներուն կամ ել-նամակով, գրելով artsakh@hamazkayin.com հասցէին: