ԼՈՆՏՈՆ – Իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն ներկայացուցած է Պաքուի յանցանքները ապացուցող փաստեր

Իրաւունքի եւ  արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի ղեկավար, իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ քննարկած է Պաքուի յանցանքները ապացուցող փաստեր։

Ան ապացոյցներ ներկայացուցած է Հայերու նկատմամբ Ազերպայճանի ցեղապաշտութեան եւ  թշնամանքի, հայկական ինքնութեան ոչնչացման շարունակուող պետական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ  Հայաստանի սահմանային քաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչներուն՝ Պաքուի վարչակազմին դիտումնաւոր պատճառած տառապանքները, նշելով, թէ տեղւոյն բնակիչները զրկուած են բնականոն ու անվտանգ կեանք վարելու  եւ եկամուտ ապահովելու կարելիութենէն:

Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուած է Արցախի նկատմամբ 2023 Սեպտմբեր 19-20 ազերպայճանական զինեալ յարձակումներու ռազմավարութեան, ցեղային զտումներու, անմեղ քաղաքացիներու սպանութիւններու եւ այլ դաժանութիւններու, ինչպէս նաեւ  Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու արժանապատիւ, անվտանգ ու ապահով վերադարձի անհրաժեշտութեան հարցին:

Նշենք, թէ Արման Թաթոյեանի Լոնտոն այցելութիւնը կազմակերպուած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ  Իռլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի հրաւէրով։ Իսկ խորհրդարանին մէջ հանդիպումը տեղի ունեցած է Հայ դատի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբին աջակցութեամբ։

Խմբագրական