ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – Արման Թաթոյեան, Կապանի եւ Գորիսի քաղաքապետերը հանդիպում ունեցած են Լոս Անճըլըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամներուն հետ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով Լոս Անճըլըս գտնուող իրաւաբան Արման Թաթոյեան, Գորիսի եւ Կապանի քաղաքապետեր՝ Առուշ Առուշանեան եւ Գէորգ Փարսեան, Նոյեմբեր 15-ին հանդիպում ունեցած են Լոս Անճըլըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամներուն հետ:

Այս կապակցութեամբ Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է հետեւեալը.

«Հանդիպումին քարտէսային հաւաստի ապացոյցներով ներկայացուցինք Արցախի դէմ 2023 Սեպտեմբեր 19-20 ազերպայճանական զինեալ յարձակումներու, Արցախահայութեան բռնի տեղահանման ուղղութիւնները: Ազերպայճանի որդեգրած ռազմավարութեան հետեւանքով՝ մարդիկ ստիպած են լքելու Արցախի իրենց պատմական բնակավայրերը: Իսկ Պաքուի ցեղասպան քաղաքականութիւնը՝ անպատիժ մնալու հետեւանք է:

Սիւնիքի Կապան եւ Գորիս քաղաքներու ղեկավարները ներկայացուցին իրենց համայնքներուն մէջ ստեղծուած կացութիւնը, յառաջացած դժուարութիւնները, Ազերպայճանի գործած յանցանքները, մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտումները:

Հանդիպումին կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ միատեղ ծրագրերու իրագործման շուրջ»:

Խմբագրական