Search
Close this search box.

Կարմիր Խաչը տակաւին կը շարունակէ Արցախ մնացած մարդոց փնտռտուքը

Կարմիր Խաչի հայաստանեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններէն ամիս մը ետք փոքր թիւով մարդիկ տակաւին կը շարունակեն մնալ իրենց տուներուն մէջ։

«Մենք կը շարունակենք այդ մարդոց փնտռտուքը եւ կ՚արձագանգենք անոնց կարիքներուն։ Մեր աշխատակիցները տակաւին կը շրջին կեդրոնական վայրերու եւ լեռնային շրջանի գիւղերուն մէջ փնտռելով կեանքի նշաններ եւ օգնութեան ձեռք մեկնելով կարիքաւորներուն։ Քիչ թիւով մարդիկ մնացած են իրենց տուներուն մէջ. մէկ մասը իրենց ընտրութեամբ եւ մաս մըն ալ իրենց միջոցներով հեռանալ չկարենալու պատճառով։ Մենք անոնց  կը տրամադրենք սնունդ եւ բժշկական աջակցութիւն, կ՚օգնենք կապ հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ կամ կարելիութիւն կը ստեղծենք անոնց Հայաստան փոխադրութեան համար»,– կը հաղորդէ Կարմիր Խաչի հայաստանեան գրասենեակը։