ՀԱԼԷՊ – Մեծարանքի հաւաք՝ ի պատիւ գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի

Ապրիլ 6-ի կէ­սօրին, Սու­րիահայ Օգ­նութեան Խա­չը (ՍՕԽ) «Գո­հարիկ Հա­մալեան» սրա­հին մէջ մե­ծարան­քի ու ող­ջերթի հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պած է ի պա­տիւ Սու­րիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի մար­դա­սիրա­կան առա­քելու­թեան խումբի գնդա­պետ Ար­կա­դի Տօ­նոյեանի:

Յա­նուն ՍՕԽ-ի շրջ. վար­չութեան հա­ւաքին բա­ցու­մը կա­տարած է ատե­նապե­տու­հի Զե­փիւռ Գէոր­գեան: Ան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է մար­դա­սիրա­կան առա­քելու­թեան ճամ­բով գնդա­պետին բե­րած մեծ ներդրու­մին եւ յա­ջողու­թիւն մաղ­թած անոր ապա­գայ աշ­խա­տան­քին: Այ­նուհե­տեւ ատե­նապե­տու­հին ՍՕԽ-ի կող­մէ յու­շա­նուէր մը յանձնած է մե­ծարեալին։

Վեր­ջինս, իր կար­գին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է ներ­կա­ներուն՝ խոս­տա­նալով նոր աւիւ­նով շա­րու­նա­կել իր պար­տա­կանու­թիւնները: ■

Խմբագրական