Հակառակ Ռենտ Փօլի առաջնորդած ընդդիմութեան՝ Ծերակոյտը վաւերացուց Թուրքիոյ «Էֆ․16»-եր վաճառելու առաջարկը

 

«Ասպարէզ» – Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Փետրուար 29-ին, 13-ի դէմ 79 քուէով հաստատեց Պայտընի վարչակազմին կողմէ Թուրքիոյ խոստացուած 40 «Էֆ․16» ռազմական օդանաւերը վաճառելու առաջարկը, հակառակ Քընթաքիէն ծերակուտական Ռենտ Փօլի եւ 12 այլ ծերակուտականներու ընդդիմութեան։

Փօլ, որ անդամ է Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, ներկայացուցած էր բանաձեւ մը, որպէսի կարելի ըլլայ կասեցնել վաճառքը։

Վերջինս խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ ազդարարեց, որ վաճառքը պիտի քաջալերէ անոր «վատ վարքը»: Ան իբրեւ օրինակներ նշեց Անգարայի աջակցութիւնը «Համաս»-ին, Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց խախտումները, Ռուսաստանէն С-400 համակարգերու գնումը, ինչպէս նաեւ Արցախի դէմ պատերազմին Պաքուին աջակցիլը։

«Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ազերպայճանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ անոր յարձակման ընթացքին, պատճառ դարձաւ մեծաթիւ զոհերու եւ յառաջացուց աղէտալի մարդկային ճգնաժամ մը, որուն հետեւանքով առաւել քան 100.000 անձեր տեղահան եղան»,– նշեց Փօլ։

Վաճառքի աջակիցները պնդեցին, որ Ուաշինկթըն պէտք է յարգէ ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակցին տուած խոստումը:

Խմբագրական