Search
Close this search box.

Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը

 

Օգոստոս 19-ին, Գառնիի տաճարի շրջափակին մէջ տեղ ունեցած է  Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ներկայ եղած են վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար, խաղերը կազմակերպող յանձնախումբի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, կառավարական անդամներ, տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններու անդամներ, մարզիկներ։

«Միասնութիւն մարզանքով» կարգախօսի ներքոյ Համահայկական խաղերուն մասնակցած են 41 երկիրներու 181 քաղաքներու աւելի քան 7.000 մարզիկներ։ 

Ամէնէն շատ մետալները բաժին հասած են Երեւանի պատուիրակներուն։ Խաղերու ընթացքին սահմանուած են քանի մը մրցանակներ: Այսպէս՝ Համահայկական խաղերու գեղեցկուհիի մրցոյթը շահած է ԱՄՆ-ու Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի պասքեթ խաղցող Աննա Ասլանեան, լաւագոյն պատուիրակութիւն ընտրուած է Աւստրալիոյ  Սիտնի  քաղաքը, Արդար խաղ անուանակարգին մէջ  յաղթող ճանչցուած է Արժանթինի Պուէնոս Այրէսի պատուիրակութիւնը, Համահայկական խաղերու յայտնութիւն անուանակարգի յաղթողը Ղազախստանի խումբը եղած է, մարզական ոգիի եւ արիութեան մրցանակը շահած է Ստեփանակերտի մարզական խումբը։ Լաւագոյն քաղաք անուանակարգին մէջ յաղթած է  Լոնտոնի խումբը եւ այլն։

Համահայկական խաղերուն աջակցած են շուրջ 2.000 կամաւորներ: Փակման արարողութեան ընթացքին չորս կամաւորներ իջեցուցած են Համահայկականի դրօշը եւ մարած խաղերուն ջահը։