Համասի յարձակումէն ետք՝ Երուսաղէմի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, հայ համայնքէն տուժած չկայ

Հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սեւան կը տեղեկացնէ, թէ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին Հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն,– զորս պաղեստինեան կողմը անուանած է «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղ»,– հետեւանքով Երուսաղէմի հայ համայնքէն տուժած  չկայ եւ հոն կացութիւնը հանդարտ է:

Ան ըսած է, թէ բախումները տեղի կ՚ունենան առաւելաբար Իսրայէլի հարաւը, իսկ Երուսաղէմ այդ կեդրոններէն բաւական հեռու է: 

Արդարեւ, Հոկտեմբեր 7-ին Համաս յանկարծական լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեց Իսրայէլի դէմ։ Գաղափար մը տալու համար ռազմական գործողութիւններու սաստկութեան մասին՝ նշենք, թէ քանի մը վայրկեանի մէջ Կազայի գօտիէն հազարաւոր հրթիռներ արձակուած են դէպի իսրայէլեան հողերը, բայց նաեւ պաղեստինցի մարտիկներ յաջողած են ներթափանցել Իսրայէլ, ուր բախումներ հրահրած, իսրայէլացի զինուորներ ու քաղաքացիներ գերեվարած են։ 

Իսրայէլեան բանակը անմիջապէս հակադարձած է այս գործողութիւններուն, ինչ որ կայծակնային արագութեամբ իրավիճակը վերածած է պատերազմականի, ինչպէս արդէն կ՚որակէր Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու։ 

Վերջին տուեալներով՝ իսրայէլեան կողմը ունէր աւելի քան 200 մեռեալ, մօտաւորապէս կրկնապատիկն ալ՝ պաղեստինեան կողմը։  Կան նաեւ հարիւրաւոր վիրաւորներ երկու կողմերէն ալ։ 

Ներկայիս բոլոր ակնարկները յղուած են դէպի Իրան։ Սպիտակ տան բարձրաստիճան պատասխանատու մը ըսած է, թէ այս յարձակումին՝ Թեհրանի ուղղակի ներգրաւման ապացոյց առայժմ գոյութիւն չունենալով հանդերձ, կասկած չկայ, որ Համաս այս ծաւալով եւ հանգամանքներով յարձակման չէր կրնար դիմել եթէ վայելած չըլլար Թեհրանի աջակցութիւնը՝ նիւթապէս, սպառազինումով եւ սարքաւորումով։  

Խմբագրական