Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Սարդարապատ

Յուլիս 26-ին, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան (ԿՎ) անդամներու առաջնորդութեամբ, մարզախաղերուն մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

 Ծիծեռնակաբերդ հասնելով` ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին մինչեւ կեդրոնական յուշակոթող եւ ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին շուրջ: Մուտքին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան զետեղեց յիշատակի ծաղկեպսակ մը:

 Յուշակոթողին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով խօսք առաւ ԿՎ-ի անդամ Թալին Օրտողլեան եւ յատկապէս նշեց, որ՝ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ծնունդ առած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համար յաւելեալ նշանակութիւն Ծիծեռնակաբերդը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի ստեղծման միտքը յղացող ու անոր ծնունդը կերտող Շաւարշ Քրիսեան դարձաւ Ցեղասպանութեան առաջին զոհերէն:

 Տեղւոյն վրայ մարզիկները պահանջատիրական բարձր տրամադրութեամբ երգեցին ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը եւ ապա, խումբ առ խումբ այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան:

Սարդարապատի մէջ

Յետմիջօրէին, մարզախաղերու մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատ եւ այս անգամ ծանօթացան 1918-ի պատմական սխրանքը անմահացուցած յուշարձան-համալիրին` իր նշանաւոր պատով, զանգակատունով եւ հոյակերտ արծիւներով: Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Սարդարապատի հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը, ուր մօտէն ծանօթացան ցուցանմուշներուն: Թանգարանին պատասխանատուները աշխարհի 20 երկիրներէն ժամանած ՀՄԸՄ-ական նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն լայն բացատրութիւններ տուին Սարդարապատի հերոսամարտի պայմաններուն, հերոսներուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան մասին:

Խմբագրական