Search
Close this search box.

Հայաստան՝ Ազերպայճանին կը յանձնէ վերջինիս պահանջած Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերը

 

Ապրիլ 19-ին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի զատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու նախագահներ՝ փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի ութերորդ հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայաստան պաշտօնապէս համաձայնած է Ազերպայճանին յանձնել վերջինիս պահանջած Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերը, առանց փոխարէնը ստանալու Բերքաբերի դիմացի հայկական տարածքները, որոնք կը գտնուին Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ։ Իսկ Ոսկեպարին յարակից միջպետական ճանապարհի հատուածը այս փուլին չի սահմանազատուիր եւ կը մնայ հայկական ուժերու հսկողութեան տակ։

Ծանօթ է, որ Հայաստանի վարչապետը վերջին շրջանին բազմիցս յայտարարած է՝ Պաքուի պահանջած գիւղերը յանձնելու Երեւանի պատրաստակամութեան մասին՝ ընդգծելով, թէ այդ գիւղերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մաս չեն կազմեր։ Արդ՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ ամրագրուեցան Ալիեւի պահանջները։

Գրիգորեան եւ Մուսթաֆաեւ համաձայնած են, որ սահմանազատման հոլովոյթին մէջ կողմերը պիտի առաջնորդուին Ալմաթիի 1991-ի հռչակագրով։

Այս կապակցութեամբ հրապարակուած քարտէսէն յստակ կը դառնայ, որ Ազերպայճան պիտի մօտենայ միջպետական ճամբուն, անոր մէկ մասը՝ Կիրանցի հատուածին մէջ, պիտի անցնի Պաքուի վերահսկողութեան տակ: Քարտէսը կը ցոլացնէ Խորհ. Միութեան ժամանակներու սահմանը եւ սպասուող փոփոխութիւնը:

Պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին, թէ ո՛ր թուականի քարտէսներու հիման վրայ կը կատարուի այս գործողութիւնը, վարչապետի աշխատակազմի գրասենեակէն ըսած են, որ քարտէսներուն հիմքը՝ Խորհ. Միութեան ժամանակաշրջանի իրաւական հիմնաւորում ունեցող տեղեկագրական քարտէսներն են, որոնք կազմուած են իրաւասու մարմիններու կողմէ։ «Կարեւոր նրբութիւնը այն է, որ ըստ յանձնաժողովներու հրապարակած յայտարարութեան, կը վերականգնուին Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուն իրաւական հիմք ունեցող սահմանները: Այսինքն, այն սահմանները, որոնք տէ եուրէ գոյութիւն ունեցած են Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազերպայճանի միջեւ»,– ընդգծած են Գրասենեակին պատասխանատուները: 

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս պիտի երաշխաւորուի Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն ապահովութիւնը՝ կառավարութենէն ըսած են հետեւեալը. «Նախ արձանագրենք, որ Ազերպայճան այսօր ալ շատ մօտ է այդ գիւղերուն, որոնք կը գտնուին ուղղակի դիմացի կողմին նշանառութեան տակ: Այո՛, այս գործընթացի հետեւանքով Ազերպայճանի սահմանապահները աւելի կը մօտենան Կիրանց եւ Ոսկեպար գիւղերուն, բայց անոնց եւ մեր գիւղերը կը բաժնուին պետական սահմանով, եւ չմոռանանք նաեւ, որ սահմանի պահպանութիւնը կը ստանձնեն Հայաստանի սահմանապահները»:

Վարչապետի աշխատակազմէն շեշտած են, որ Հայաստան այս հոլովոյթին մէջ ձեռք կը ձգէ «ապահովական վտանգներու նուազացում»։

Ազերպայճանի արձագանգը

Այս հարցին կապակցութեամբ, նոյն օրը, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգելով յայտարարած է, թէ «Հայաստան համաձայնեցաւ վերադարձնել Ազերպայճանի չորս գիւղերը, որոնք բռնագրաւուած էին 1990-ականներու սկիզբը»։

Ոսկեպարի եւ Բաղանիսի բնակիչները կը բողոքեն

Ոսկեպար եւ Բաղանիս գիւղերու բնակիչները իբրեւ բողոք՝ Տաւուշի հատուածին մէջ սահմանազատումը խորհրդային սահմաններով սկսելու համաձայնութեան, անմիջապէս փակած են Նոյեմբերեան տանող միջպետական ճամբան, հանդիպում պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հետ։ Անոնք ըսած են. «Այսօրուան պաշտօնական յայտարարութիւնները կը հակասեն երկու օր առաջ իրենց գիւղին մէջ Փաշինեանի ըսածներուն»։