Search
Close this search box.

Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով օգնութիւն կը ստանայ ԵՄ-ի Խաղաղութեան հիմնադրամէն

«Ազատութիւն» լրասփիւռին համաձայն՝ Պրիւսէլի մէջ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու շուրջ։

Նոյն աղբիւրը նշած է, թէ իր տրամադրութեան տակ կը գտնուին դիւանագիտական փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն, թէ ԵՄ-u կը նախատեսէ Երեւանին 10 միլիոն եւրօ յատկացնել, որ պէտք է ծախսուի 30 ամսուան ընթացքին։

Գումարը, ըստ փաստաթուղթին, պէտք է յատկացուի մէկ գումարտակի համար նախատեսուած դաշտային բազմամասնիկ (modulaire) ճամբար մը հաստատելու համար, որ կը ներառէ շարժուն բժշկարան մը, ինչպէս նաեւ համապատասխան ծառայութիւններ ու կարելիութիւններ։

«Այս աջակցութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի բանակի դիմադրականութեան ու կայունութեան մակարդակի բարձրացման, այդպէսով աւելի լաւ պաշտպանելու համար խաղաղ բնակչութիւնը՝ ճգնաժամերու եւ արտակարգ պատահարներու ընթացքին»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ։ 

ԵՄ-ի սոյն հիմնադրամը հիմնուած է 2021-ին, նպատակ ունենալով միջոցներ տրամադրել, որոնցմով պիտի գնուին ոչ-մահաբեր զինատեսակներ կամ կարողութիւններ՝ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ խաղաղութեան նպաստելու, հակամարտութիւնները կանխելու եւ միջազգային անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար։

Նշենք, թէ Հայաստան՝ անցեալ տարի այս Հիմնադրամէն օգտուելու դիմում ներկայացուցած էր։ Անցեալ Հոկտեմբերին Երեւան այցելած Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին, յայտարարած էր, թէ անձամբ այս հարցով դիմած է Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարին: