Հայաստան-Իրան լուսանցքային բնոյթի յարաբերութիւնները կրնա՞ն դառնալ ռազմավարական

Թիֆլիսի մէջ, Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»−ի քարտէսը

 

Գրեց՝ ՄԱՌՔ ՏԱՒՕ

Վերջերս Թեհրանի մէջ կայացած նախարարական հանդիպումը (2023 Հոկտեմբեր 23) ըստ սահմանուած 3+3 (Իրան-Թուրքիա-Ռուսաստան եւ Հայաստան-Ազերպայճան-Վրաստան) ձեւաչափին,– որուն Թիֆլիսի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ մասնակցելէ,– եւ, մա՛նաւանդ նոյն օրը Իրանի Ճանապարհներու նախարար Մեհրտատ Պազրփաշի Երեւան այցը դարձան տարածաշրջանային լրահոսի գլխաւոր լուրերը։ Երեւան եւ Թեհրան յանգեցան Հնդկաստան – Պարսից ծոց – Սեւ ծով – Եւրոպական Միութիւն առանցքի հարաւ-հիւսիս ճանապարհի գերծրագրի կառուցման համաձայնութեան։

Էր երբեմն, Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան մերձ լրասփիւռներ անընդհատ կը հրաւիրէին ինքնակոչ փորձագէտներ, իրանագէտներ եւ քաղաքական մեկնաբաններ՝ իրենց «վերլուծութիւնները» եւ յատկապէս քննադատութիւնները ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի ալիքներով հնչեցնելու Երեւանի իշխանութեան հասցէին։ Ըստ ասոնց՝ Հայաստանի իշխանութիւնները «քիչ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէին» հայ-իրանական յարաբերութիւններուն։ Վարդան Ոսկանեան, ինչպէս նաեւ անկէ առաջ Աբրահամ Գասպարեան, խորհուրդ կու տային դաշինք ստեղծելու Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ ռազմավարական առանցքի տեսքով։ Անոնք բոլորովին կ՚անտեսէին այս երկիրներու շահերու անհամապատասխան բնոյթը, ինչպէս նաեւ միջազգային տէրութիւններու ազդեցութեան որոշիչ գործօնը նման կազմաւորման վրայ։

1- Հայաստան եւ Մերձաւոր Արեւելքը պատմութեան մէջ

Եթէ նոյնիսկ Հայաստանը պէտք է համարել արեւմտեան-քրիստոնէական քաղաքակրթական ոլորտին պատկանող, ապա իր աշխարհագրութեան պատճառով՝ լայն առումով ան մաս կազմած է Մերձաւոր Արեւելքի։ Ե՛ւ Պարսկական կայսրութիւնը, ե՛ւ Կոստանդնուպոլսոյ Բարձր Դուռը կը համարկէին հայ բնակչութեամբ շրջանները իրենց ազգային քաղաքականութեան մէջ թէկուզ եւ միայն դարերու ընթացքին յաջորդական պատերազմներու պատճառով, այդ շրջաններուն տիրանալու կամ եթէ արդէն տէրն էին՝ զանոնք պահպանելու համար: Պարսկա-ռուսական պատերազմներու աւարտին՝ Կիւլիստանի (1813) եւ Թիւրքմէնչայի (1828) պայմանագրերուն յաջորդած Հարաւային Կովկասի հսկայական շրջաններու բռնակցումներէն ետք է միայն, որ Հայոց երկիրը քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ մշակութայնօրէն վերակողմնորոշուեցաւ դէպի սլաւական աշխարհ։ Բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եւ Խորհրդային Միութեան ստեղծումը ամրապնդեցին կովկասեան գօտիի անջատումը Մերձաւոր Արեւելքի մնացեալ մասերէն:

Խորհ. Միութեան փլուզումը վերստին բացաւ անկախ Հայաստանի առջեւ՝ տարածաշրջան վերահամարկուելու հեռանկարներ։ Բայց եւ այնպէս, մէկ կողմէ Երեւանի մէջ իշխանութեան գլուխը յամեցած խորհրդային համակարգէն ծագող քիչ թէ շատ ռուսամէտ քաղաքական դասուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ կապեր որոնելու գրեթէ անտարբեր կեցուածքը, միւս կողմէ՝ Լեռնային-Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, որ յառաջացուցած էր արաբական երկիրներու նկատմամբ անվստահութիւն (Սաուտական Արաբիա ցայժմ չունի դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ, անկասկած թուրք-ազերպայճանական ճնշման պատճառով), Հայաստանը գրեթէ դուրս պահեցին մերձաւորարեւելեան տարածութենէն։ Հայաստանի յարաբերութիւնները արաբական երկիրներու եւ Իրանի հետ մնացին սահմանափակ։

2- Ընդմիջումը

Խորհ. Միութեան անհետացումը, այն ժամանակ տարածաշրջանային տէրութիւններու մէջ ծնունդ տուաւ իրենց երազանքի իրականացման յոյսերու: Նորօսմանականութեան յառած Թուրքիան կ՚երազէր մեծն Թուրանի մասին՝ Վոսփորէն մինչեւ Չինական պարիսպ: Իր կարգին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը փորձեց վերականգնել այն, ինչ որ մնացեր էր յետխորհրդային շիիական տարածքէն՝ Ազերպայճան, Տաճիկստան…, ինչու չէ նաեւ Հայաստանը, թէեւ՝ քրիստոնեայ: Հարաւային Կովկասի մէջ ան հապճեպ յօրինեց ազերպայճանամէտ քաղաքականութիւն մը, որու պատճառները վերլուծել շատ երկար պիտի ըլլայ այս յօդուածի սահմաններուն մէջ։ Կրօնական իշխանութիւնները այնտեղ ուղարկեցին մեծ քանակութեամբ Ղուրան (որոնք, ի դէպ, հրկիզուեցան Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ) եւ կրօնական առարկաներ, կրօնքի ուսուցիչներ եւ այլն։ Ոչ մէկ օգնութիւն փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս թալիշական փոքրամասնութեան,– որ մինչդեռ իրանական ծագում ունի,– կամ այլոց: Նոյն զուսպ վերաբերումը նկատուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ. Թեհրանի համար առաջնահերթութիւնը Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան յարգանքն էր։ Ստեփանակերտի՝ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման խնդրանքը նկատի չառնուեցաւ։ Իրանցի պաշտօնեաները, որոնք հոն կ՚այցելէին գրեթէ գաղտագողի, հետաքրքրուած էին միայն սահմանի անվտանգութեան հարցերով։

Հայաստան-Իրան իւրաքանչիւր պաշտօնական այց կ՚աւարտէր միայն երկու կողմերու միացեալ յայտարարութիւնով մը, հազուադէպօրէն՝ շօշափելի արդիւնքով մը, ինչպէս օրինակ երկաթուղիի ծրագիրը: Իրականացուեցաւ միայն իրանական կազի մատակարարումը հայկական շուկայի կարիքներուն համար։ Ճիշդ է, որ Ռուսերը ճնշում բանեցուցին Ռոբերտ Քոչարեանի կառավարութեան վրայ՝ նուազեցնելու կազատարի հոսքը, որպէսզի իրանական կազը չկարենայ տարանցուիլ արտաքին այլ շուկաներ՝ ի վնաս ռուսական կազի։ Ի վերջոյ, հսկայ «Գազպրոմը» ձեռք դրաւ փաստօրէն սեփականազրկելով Հայաստանի իշխանութիւնը, Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնած «մօտիկ արտասահման»-ը (նախկին խորհրդային երկիրներ) կղպանքի տակ դնելու գործընթացի շրջանակին մէջ։ Փաշինեանի ժամանակաշրջանն ալ սկիզբը յայտնուեցաւ այս գործընթացին մէջ՝ նոյն չափորոշիչներով եւ սահմանափակումներով, որոնք ձեւաւորեր էին Երեւանի արտաքին յարաբերութիւնները։

3- Գերծրագրեր

Մետաքսի ճանապարհը սկիզբը քննարկուեցաւ սահմանափակ շրջանակի մէջ, այնուհետեւ միջազգային լրասփիւռները լայնօրէն հետաքրքրուեցան այս խնդրով եւ սփռեցին ամենատարբեր մեկնաբանութիւններ Չինաստանի համար փափաքելի նման ծրագրի իրագործման դրդապատճառներուն եւ արդիւնքներուն վերաբերեալ: Վերջապէս, բոլորը փափաքեցան տեղ գրաւել այս ճանապարհին վրայ, օգտուելու համար անոր դրական ազդեցութիւններէն: Ի վերջոյ, այսպէս կոչուած միջին ուղին կը թուի ըլլալ ամէնէն եկամտաբերը եւ հետեւաբար ողջամիտը: Ան Չինաստանէն կ՚երթայ դէպի Կասպից ծով, ապա դէպի Եւրոպա: Այս գերծրագրին զուգահեռ նժարի վրայ դրուեցաւ մէկ այլ գերծրագիր, որ կը մրցակցի առաջինին հետ, աւելի ճիշդ՝ այլընտրանք մըն է առաջինին։ Կատարուելիք ենթակառուցային աշխատանքներու շնորհիւ (իրանական Չահբահար նաւահանգիստի, իրանական երկաթուղային ցանցի արդիականացման, Հայաստանէն անցնող ճանապարհի կառուցումով եւ վրացական ցանցի օգտագործումով) Հնդկաստան կապ պիտի հաստատէ Եւրոպայի հետ Պարսից ծոցով, Հարաւային Կովկասով եւ Սեւ ծովով։ Այս ծրագիրը, ըստ երեւոյթին, կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հաւանութիւնը:

Այս պայմաններու մէջ Իրանի եւ Հայաստանի սահմանը (Մեղրիի գօտին) կը զգենու աշխարհառազմավարական մեծ նշանակութիւն։ Հետեւաբար, Իրան դէմ է որեւէ փոփոխութեան Հայաստանի հետ իր (հիւսիս-արեւմտեան) սահմանի, որ ներկայի իր ձեւով անոր թոյլ կու տայ Հայաստանի, Վրաստանի վրայէն՝ Սեւ ծովով հասնիլ Եւրոպա։ Իսլամական Հանրապետութեան Գերագոյն առաջնորդը սա յստակօրէն յայտարարած է 2022 Յուլիսին Թեհրանի մէջ ներկայ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն: ԱՄՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնը, որոնք կը վախնան Չինաստանի վերելքէն, թէկուզ նուազ չափով կը պաշտպանեն այս տարբերակը՝ իրենց նախընտրութիւնը կատարելով Հնդկաստանի եւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով առանցքին ի նպաստ, նոյնիսկ եթէ անոնց այդ ուղղութեամբ քայլերը կ՚ըլլան բաւական դանդաղ։

4- Հայաստանի համար բարենպաստ պատմական առիթը

Այսպէս, մեր առջեւ կը պարզուի հնդկական գերծրագրին շուրջ Արեւմուտքի եւ Իրանի միջեւ ռազմավարական շահերու համընկնումի հնարաւորութիւն։ Այս առումով, Հոկտեմբեր 7-ին, Համասի յարձակումով ծայր առած իրադարձութիւններու կազմակերպման մէջ Թեհրանի պատասխանատւութեան մասին Ուաշինկթընի, ապա նաեւ Փարիզի յայտարարութիւնները՝ Իրանի նկատմամբ Արեւմուտքի չափաւոր վերաբերումի ցուցիչ են։ Մինչ այս յարձակումը Նեթանիահուի կառավարութեան կողմէ կ՚օգտագործուի Իրանի ներգրաւումը մեղսագրելու պատերազմի նախապատրաստութեան մէջ, Արեւմուտքը զգուշաւոր է` զերծ մնալով Իսլամական Հանրապետութեան հասցէին հապճեպ մեղադրանքներէ:

Կարելի է մէկ այլ ցուցիչ համարել այս ամռան Լոնտոնի մէջ Ամերիկացիներու եւ Իրանցիներու միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքը։ Հոն որոշուեցաւ Իրանի մէջ պահուող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու ազատ արձակման դիմաց՝ իրանական 6 միլիառ տոլարի ունեցուածքի ապասառեցումը՝ պայմանով, որ այդ գումարը քաթարեան դրամատուն մը փոխանցուելէ ետք՝ օգտագործուի իրանական փոխադրական ցանցերու արդիականացման ծրագրերու համար։ Քիչ անց մամուլը յայտարարեց նաեւ Քաջարանի մէջ Ագարակի ճանապարհի (հայ-իրանական սահմանային անցակէտ) կառուցման պայմանագրի ստորագրման նպատակով իրանական պատուիրակութեան մը այցին մասին։ Ըստ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ այս ծրագրի իր աւարտին հասնելուն խոչընդոտ կը հանդիսանային գանձտրման հարցերէ բխող խնդիրներ։

Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններու մեծ մասը կը  վերաբերի  ճանապարհային ենթակառոյցներու եւ ուժանիւթի ոլորտին։ Հայկական շուկան իրանական արտադրութեան ապրանքներու համար կը մնայ նեղ։ Այնպէս կը թուի, թէ Իրանի համար Հայաստան տարանցիկ երկիր է (իր ուժանիւթային հումքի տարանցման համար դէպի ԵՄ՝ Հարաւ-Հիւսիս ճանապարհով, կամ ապագայ նաւթի եւ/կամ կազատարի կառուցման, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնտեսական համայնքի շուկային ուղղուած իր արդիւնաբերական ապրանքներուն համար):

*  *  *

Մեկնելով վերոգրեալէն՝ տարօրինակ է հաստատել վարչապետ Փաշինեանի՝ Եւրոպական խորհրդարանին ըրած առաջարկը «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին վերաբերեալ, որը պատկերացնող քարտէսը ներկայացուց  Թիֆլիս կատարած այցի ընթացքին։ Խաչմերուկի գաղափարը կը թելադրէ Արեւելք-Արեւմուտք երթուղիի մը գոյութիւնը, որ օգտագործելի պիտի ըլլայ Չինաստանի համար Հայաստանի վրայով, կտրելով մէկ այլ ճանապարհ՝ տուեալ պարագային Հարաւ-Հիւսիս առանցքը (Հնդկաստան-Պարսից ծոց-Հարաւային Կովկաս-Սեւ ծով գերծրագիր), որ կը համապատասխանէ Արեւմուտքի սահմանած ռազմավարութեան։ Արեւելք-Արեւմուտք ուղիի խնդիրը ներկայացնելով՝ Հայաստան ինքզինք հակասութեան մէջ կը դնէ Արեւմուտքի ռազմավարութեան հետ, որ ինչպէս վերեւ ըսինք՝ կը նախընտրէ հնդկական տարբերակը։ Արդէն, Հայաստանի հարաւային սահմաններու (Սիւնիքի մարզ) անձեռնմխելիութեան հարցով՝ Ազերպայճանի հնարաւոր յարձակման առաջքը առնելու նպատակով ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի ազդարարութիւններն ալ բոլորովին կը համապատասխանեն այդ տրամաբանութեան։ 

Սպասենք հետագայ զարգացումներուն…

Թարգմանուած՝ ֆրանսերէնէ

Խմբագրական