Search
Close this search box.

Հայաստան կապի սպայ պիտի ունենայ Եւրոփոլի մէջ

Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Եւրոփոլի միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր կը ստորագրուի եւ առ այդ Հայաստան Եւրոփոլի մէջ պիտի ունենայ ներկայացուցիչ՝ կապի սպայ (նստավայրը՝ Նետերլանտներ)։ Ան պատասխանատու պիտի ըլլայ Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու, Եւրոփոլի ու Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւներու միջեւ տեղեկատւութեան փոխանակումէն։

Ապրիլ 8-ին, Ազգային ժողովին մէջ Ներքին գործոց փոխնախարար Արփինէ Սարգսեան նշած է, որ թէ՛ Եւրոփոլը, թէ՛ Հայաստան արդէն իսկ գործնականօրէն սկսած են փոխադարձաբար պատշաճեցման քայլերու ձեռնարկել մինչեւ համաձայնագրին ստորագրումը։

“Մեր կապի սպան, որ պիտի ներկայացնէ մեր ամբողջ իրաւապահ համակարգը, իր նստավայրը պիտի ունենայ Նետերլանտներու մէջ. անոր գործունէութեան անհրաժեշտ անվտանգ կապուղիին հարկաւոր թէ՛ ենթակառոյցները, թէ՛ սարքերը պիտի ապահովէ Եւրոփոլը, ԵՄ-ի հաշուոյն։ Նոյնանման կառոյց մը պիտի ունենանք նաեւ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ։ Կապի սպան պիտի ունենայ հասանելիութիւն՝ դատական համակարգի բոլոր հարթակներուն։ Սա պիտի ապահովէ անընդմէջ եւ սահուն համագործակցութիւն՝ Եւրոփոլի եւ Հայաստանի միջեւ”,– տեղեկացուցած է փոխնախարարը։