Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւնները

Սփիւռքնե­րը աշ­խարհաց­րիւ անդրազ­գա­յին հա­ւաքա­կանու­թիւն­ներ են որոնց ռազ­մա­վարա­կան նշա­նա­կու­թիւնը անու­րա­նալի է։ Հայ­կա­կան սփիւռքը եր­կա­ր տարիներու ըն­թացքին ստեղ­ծուած բարդ ու բազ­մա­տեսակ իրա­վիճակ մը կը ներ­կա­յաց­նէ։ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան դէմ թրքա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րը եր­թա­լով աւե­լի կը զօ­րաց­նեն սփիւռքա­ցու­մի հո­լովոյ­թը, բնակ­չու­թեան մէջ երկրէն մեկնե­լու ցան­կութիւ­նը յա­ռաջաց­նե­լով։ Սփիւռքա­յին հա­մայնքնե­րը սա­կայն Հա­յաս­տա­նի կու տան նաեւ ռազ­մա­վարա­կան առա­ւելու­թիւն մը։ Ինչպէ՞ս օգ­տուիլ հնա­րաւո­րու­թիւն­նե­րէն։

Մար­տ 14–15-ին, Փա­րիզ հիւ­րընկա­լեց «Հայ­կա­կան սփիւռք(ներ)ը շար­ժումի մէջ» մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղովը, որուն մաս­նակցե­ցան երեք տաս­նեակէ աւե­լի հա­մալ­սա­րանա­կան­ներ։ 2019-ին եւս, Լոս Անճը­լըսի մէջ կազ­մա­կեր­պուած էր նմա­նօրի­նակ գի­տաժո­ղով մը՝ «Սփիւռքը՝ պե­տակա­նազուրկ ուժ» խորագրին տակ։ Վայ­րե­րը կա­րեւոր են։ Հայ­կա­կան սփիւռքի մա­սին մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղով­ներ՝ Փա­րիզի եւ Լոս Ան­ճըլըսի մէջ, բայց ո՛չ՝ Երե­ւանի։ Փա­րիզի գի­տաժո­ղովին Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու եւ գիտ­նա­կան­նե­րու մաս­նակցու­թիւնն ալ սահ­մա­նափակ էր՝ երեք հո­գի. մաս­նա­կից­նե­րուն մէկ տաս­ներոր­դը։ 

Այս գի­տաժո­ղովին աչքառու եղաւ նաեւ կա­րեւոր այլ երե­ւոյթ մը. հայ­կա­կան մե­ծագոյն սփիւռքի՝ ռու­սա­հայ սփիւռքի գիտ­նա­կան­նե­րու բա­ցակա­յու­թիւնը։ Կա­րելի է ներկ­այի պա­րագա­յին հա­մար ռուս-ուք­րաինա­կան պա­տերազ­մը ար­գելք հա­մարել, ինչ որ ցոյց կու տայ նաեւ հայ­կա­կան Սփիւռքի բար­դութեան եզա­կի վի­ճակը։

Հա­յաս­տա­նի մէջ կան Սփիւռքով զբա­ղող առնուազն եր­կու գի­տական կեդ­րոններ, որոնք սա­կայն պե­տու­թեան կող­մէ այնքան ալ ու­շադրու­թեան չեն ար­ժա­նացած։ Բնա­կանա­բար, կը գոր­ծէ Սփիւռքի գլխա­ւոր յանձնա­կատա­րի գրա­սենեակը, որ կը տնօ­րինէ պե­տու­թեան սփիւռք­եան քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Ան­ցեալին, Սերժ Սարգսեանի օրօք ստեղ­ծուած Սփիւռքի նա­խարա­րու­թիւնը հրա­տարա­կած էր Սփիւռքի կարգ մը հա­մայնքնե­րուն նուիրուած մե­նագ­րութիւններ։ Սա­կայն, յա­րափո­փոխ Սփիւռքը տե­ւաբար թարմա­ցուած ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու կա­րիքն ու­նի։

Եր­կու գի­տաժո­ղով­նե­րը նաեւ ցոյց տուին հա­մաս­փիւռքեան հաս­տա­տու­թիւննե­րու՝ Եկե­ղեցի, կու­սակցու­թիւն, բա­րեսի­րական միու­թիւն… ան­տար­բե­րու­թիւնը սփիւռքա­յին գոյա­վի­ճակի մա­սին ժա­մանա­կա­կից գի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւնն­ե­րուն հան­դէպ։ Նոյնպէս, տե­ղական համա­գա­ղու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ան­տարբե­րու­թիւնը, ինչ­պէս՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւննե­րը համակարգող խորհուրդի (CCAF)… 

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր ի թիւս բազ­մա­թիւ թիւ­րի­մացու­թիւննե­րու, Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րը մե­ծագոյն թիւ­րի­մացու­թիւննե­րէն մէ­կը եղած է։

Խորհրդային կար­գե­րու փլու­զու­մը Հա­յաս­տան-Սփիւռք գործակ­ցու­թեան նոր առիթ­ներ ընձեռեց, ձեր­բա­զատուած ըլլալով ան­ցեա­լի խորհրդա­յին կար­գե­րու գա­ղափա­րական ու վար­չա­կան սահ­մա­նափա­կումնե­րէն։ Սա­կայն, ինչպէս հե­տագա­յին դէպ­քե­րը ցոյց տուին, ո՛չ Հա­յաս­տան լիար­ժէք օգ­տուեցաւ այս ազա­տակա­նացու­մէն, ո՛չ ալ Սփիւռքը։ Շու­տով ան­կա­րելի դար­ձաւ պե­տու­թիւն-սփիւռքա­յին կա­ռոյցներ երկխօ­սու­թիւնը եւ հա­կառակ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ. հա­մաս­փիւռքեան կա­ռոյցնե­րը ներ­խուժե­ցին Հա­յաս­տան, հա­յաս­տա­նակեդ­րոն դար­ձան եւ ու­զե­ցին գրա­ւել քա­ղաքա­կան աս­պա­րէզը։ Իսկ հա­յաս­տա­նեան քա­ղաքա­կան դա­սը եր­կի­րը թա­լանե­լով զբա­ղեցաւ, մինչ ժո­ղովուրդը սկսաւ զան­գուածաբար ար­տա­գաղ­թել, միանա­լով աւան­դա­կան սփիւռքի շար­քե­րուն եւ աւե­լին՝ ստեղ­ծե­լով նոր ար­տա­սահ­մա­նեան հա­մայնքներ՝ աւան­դա­կան «Սփիւռք»-ի եր­կիրնե­րէն դուրս։ 

Պատ­կե­րաւոր կեր­պով խօ­սելով՝ Սփիւռքը ընդհանրապէս նկա­տուած է «կթան կով»։ Հա­յաս­տան կազ­մա­կեր­պած է բազ­մա­թիւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մագու­մարներ, որոնք ու­նե­ցած են քա­րոզ­չա­կան նպա­տակ, գո­հացու­ցած են կազ­մա­կեր­պիչնե­րը, սա­կայն, ոչ մէկ ձե­ւով բա­րելա­ւած են Սփիւռ­քի ըմբռնու­մը։ 

Փա­րիզի գի­տաժո­ղովը եւ նման հան­դի­պումներ ոս­կէ առիթ­ներ են խորհրդա­ծելու եւ վերա­նա­յելու ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւն ներ­կա­յաց­նող այս բարդ բնա­գաւառը։

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական