ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ֆրանսայի դեսպան. «Պաքու կրնայ վստահ ըլլալ, որ մենք Հայաստանին մի՛այն պաշտպանական սարքեր կը տրամադրենք»

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի յայտարարած է, թէ Հայաստան եւ Ֆրանսա կը համագործակցին պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ եւ Փարիզ մի՛այն պաշտպանական սարքեր կը տրամադրէ Հայաստանին։

“Ֆրանսա մտահոգ է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան Ազերպայճանի կողմէ խախտումով”,– ըսած է դեսպանը, շեշտելով, թէ ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւնները պէտք է համաձայնին այս հարցին շուրջ, որովհետեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն` անդամ երկիրները կը ճանչնան եւ պարտաւոր են աջակցելու անդամ միւս երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

Անդրադառնալով լրագրողի դիտարկումներուն, թէ Պաքու բազմիցս մեղադրած է Ֆրանսան՝ Հայաստանը զինելուն համար եւ այդ երկրին մէջ գործող պետական եւ իշխանութիւններու ուղղակի վերահսկողութեան տակ գտնուող լրասփիւռներն ալ պարբերաբար կը հաղորդեն, թէ «Հայաստան եւ Ֆրանսա յարձակում կը նախապատրաստեն Ազերպայճանի դէմ», Տըքոթինյի յայտնած է, թէ Պաքու կրնայ վստահ ըլլալ, որ Փարիզ մի՛այն պաշտպանութեան սարքեր կը տրամադրէ Հայաստանին։

Խմբագրական