Հայաստան 84 միաւոր հնդկական «ATAGS» հրետանային սարքեր եւս կը գնէ

 

Հայաստան իր հրետանային կարողութիւնները հզօրացնելու նպատակով 155 միլիոն տոլար արժողութեամբ 155 մմ տրամաչափի 84 միաւոր «ATAGS» յառաջադէմ հրետանային սարքեր կը գնէ Հնդկաստանէն։ Լուրը հաղորդած է հնդկական «Army Recognition» պարբերականը։

Ըստ պարբերականին՝ TAGS-ի հրաձգութեան հեռահարութիւնը 48 քիլոմեթր է: Ան կատարելապէս յարմարցուած է Հայաստանի պայմաններուն։ 2023-ին Հայաստան ձեռք բերած էր 6 միաւոր TAGS եւ հնդկական ընկերութիւններուն հետ կնքած՝ քանի մը պայմանագիր եւս՝ MArG 155 ինքնագնաց հրասանդեր եւ Akash հակօդային պաշտպանութեան համակարգի գնումին շուրջ։ 

«Army Recognition» նաեւ կը նշէ, թէ Հայաստանի կողմէ ATAGS-ի գնումը տեղի կ՚ունենայ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ աճող լարումի ենթախորքին վրայ․ «Այդ երկիրը կը ձգտի արդիականացնել իր բանակը՝ ի պատասխան Ազերպայճանի կողմէ անվտանգութեան բնագաւառի մարտահրաւէրներուն։ Այս գործարքը ոչ միայն կարեւոր է Հնդկաստանի եւ Հայաստանի պաշտպանական յարաբերութիւններու առումով, այլեւ ցոյց կու տայ Հնդկաստանի կարեւոր նշանակութիւնը միջազգային պաշտպանութեան ոլորտի շուկայէն ներս, որպէս առանցքային դերակատար»։ 

Խմբագրական