հայկականութեան նոր փորձառութիւններ

Հե­ռու աւան­դա­կան, հա­մագու­մա­րային, կու­սակցա­կան, կրօ­նական, հայ­րենասի­րական, քա­ղաքա­կան, քա­րոզ­չա­կան, եռա­միաս­նա­կան մօ­տե­­ցում­նե­րէ, եւ հայաս­տա­նակեդ­րոն, սփիւռ­քա­կեդ­րոն հա­կադ­րութե­նէ, խօս­քե­րէ ու տե­սու­թիւն­ն­­ե­րէ ան­դին, Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւննե­րը պէտք ու­նին թարմ շունչի, ան­հատնե­րու ան­մի­ջա­կան շփու­մի, անակնկալ հան­դի­պում­նե­րու, ան-ս­պա­սելի պա­հերու, ստեղ­ծա­գոր­ծական խեն­թութիւննե­րու, որոնք կը հա­մա­պատաս­խա­նեն հա­մաշ­խար­հայ­նացման մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւնն­ե­րու պայ­մաննե­րուն։ Ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­թա­լով կը ձե­ւա­փո­խուին։ Առ­ցանց հար­թակնե­րը մարդկ­­ա­յին յա­րա­բե­րու­թիւննե­րու դաշ­տը կը ներ­խուժ­են եւ ո՞րն է հա­կակ­շի­ռը։ Ան­մի­ջակ­ա՞ն շփումը։ 

Հայ­կա­կան հա­մայնքա­յին կեան­քը, որ ընդհան­րա­պէս Եւ­րո­պայի մէջ ար­դէն շատ զար­գա­ցած չէ, նոյն հո­լովոյ­թին են­թարկուելով աւե­լի կը խեղ­ճա­նայ։ Սահ­մա­նափակ են նոր սե­րունդին հայ­կա­կանու­թեան ապ­րումի առիթ­նե­րը՝ պար, երգ, հա­յերէ­նի դաս, պա­տարագ, ոգեկո­չում…։ Ինչպէ՞ս բազ­մացնել, ճո­խաց­նել։ Բախ­տա­ւոր են անոնք որոնք ըն­տա­նեկան լե­զուա­կան մի­ջավայր ու­նին. Հա­զուա­գիւտ են անոնք, որոնք հայ­կա­կան դպրո­ցական առողջ մի­ջավայ­րի բա­րիք­նե­րը վա­յելած են։ Աւան­դա­կան կա­ռոյցնե­րը նոր բո­վան­դա­կու­թեան պէտք ու­նին, նոր մի­ջոց­նե­րու։ Եկե­ղեցի­ները կը տա­ռապին հա­ւատա­ցեալ­նե­րու պա­կասէն։ Մշա­կու­թա­յին տու­նե­րը՝ նոյնպէս։ 

Մարտ 6-էն 13, Engage Armenia նա­խագի­ծը, Արեւմտեան Եւ­րո­պայի հինգ եր­կիրնե­րու մէջ շրջապ­տոյտի մը ձեռնարկեց։ Ծրա­գիրին նպա­տակն է սփիւռքա­հայե­րուն համար ստեղծել Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան նոր փոր­ձա­ռու­թիւն ապ­րե­լու առիթ­ներ։

Յով­նա­նեան ըն­տա­նեկան հիմ­նադրա­մի հո­վանա­ւորուած նա­խաձեռ­նութիւ­նը, բախ­տն ու­նի նիւ­թա­կան մի­ջոցէ չտա­ռա­պե­լու։ Այն­տեղ նե­րգ­րա­ւուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը իրենց ծրա­գիրը փոր­ձարկած ու յա­ջողած նո­րարար նա­խաձեռ­նողներ են։

Engage Armenia խո­րագի­րը ինքնին հա­յերէ­նով գրե­թէ ան­թարգմա­նելի է։ Հա­յաս­տա­նի յանձնա­ռումն է. «յանձն առ Հա­յաս­տան», նոր մօ­տեցում որ­դեգրել Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րաբե­րելու հա­մար։ Ինքնին զար­տուղի է անգլե­րէն վեր­նա­գիր մը որ­դեգրե­լը հայ­կա­կան փոր­ձա­ռու­թեան խթանման նա­խաձեռ­նութեան։ Անգլե­րէնը դար­ձեր է հայ­կա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ապ­րեցնե­լու գո­վազ­դա­յին հա­ղոր­դակցութեան ­միջոց։ Բնա­կանա­բար, Անգլիա, Նետեր­լանտ­ներ, նոյ­նիսկ՝ Զուիցե­րիա եւ Պել­ճի­քա այ­ցե­լելու հա­մար՝ անգլե­րէնը կա­րելի է սե­պել ըն­դունե­լի։ Բայց Ֆրան­սա­յի հա­մար՝ դժուար։ Ու­րեմն, ահա հիմ­նա­կան խնդիր մը։ Սփիւռքի հետ գործ ու­նե­նալու ատեն՝ ո՞ր լե­զուով հա­ղոր­դակցիլ։ Սփիւռքա­հայ մը ու­րիշ երկրի սփիւռքա­հայու մը հետ հա­ղոր­դակցե­լու հա­մար ո՞ր լե­զուն գոր­ծա­ծէ։ Բնա­կանա­բար, ամէնէն պար­զը պի­տի ըլ­լար՝ հա­յերէնը։ Իսկ երբ ներ­կա­ներուն մէկ մա­սը հա­յերէնի չի՞ տի­րապե­տեր։ Կա­րելի է թարգմա­նել։ Ան­շո՛ւշտ։ Ահա­ւասիկ, Սփիւռք-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու էական դժուարու­թիւննե­րէն մէ­կը՝ լե­զուն։ Սա­կայն, լե­զուա­կան դժուարու­թիւնը կա­րելի է կռուան մը սե­պել լե­զուն սոր­վե­լու։ 

Engage Armenia-ի մե­ծագոյն նո­րու­թիւնը խումբ մը կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու առած քայլն է դէ­պի արեւմտեան ոս­տաննե­րը՝ հան­դի­պելու, հա­ղոր­դակ­ցե­լու ո՛չ թէ հա­մայնքնե­րու հետ, այլ՝ ան­հատնե­րու։ Պէտք էր մտա­ծել ու յանդգնիլ՝ դի­մել ան­հատնե­րու, ան­հա­տը գնա­հատող ու ար­ժե­ւորող նա­խա­ձեռ­նութիւններ կազ­մա­կեր­պել, անոնց տրա­մադ­րել մի­ջոց­նե­ր, նոյ­նիսկ ստեղ­ծել նիւ­թա­կան դիւ­րութիւններ, որ­պէսզի անոնք իրենց հայ­կա­կանու­թեան եզա­կի ճամ­բան գտնեն։ Յա­կոբ Պա­րոնեանի ըսա­ծին նման՝ «Լե­ռը մար­գա­րէին քո­վը չեր­թայ նէ՝ մար­գա­րէն լե­ռան քո­վը կ՚եր­թայ, կ՚ըսեն»։ 

Engage Armenia նա­խաձեռ­նութեան մաս­նա­կից կազ­մա­կեր­պութիւննե­րէն իւրա­քան­չիւրը հայ­կա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը ապ­րե­լու առա­ջարկ է։ Կա­րեւո­րա­գոյն կազ­մա­կեպութիւննե­րէն է «Դէ­պի Հայք»-ը որ ճանչցուած է իբ­րեւ Birthright Armenia անգլե­րէն անու­նով. ան, սփիւռքա­հայ երի­տասարդնե­րու համար կը ստեղծէ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի հնա­րաւո­րու­թիւններ, ճամ­բու ծախս եւ կացարան ապա­հովե­լով, մէկ տա­րուան համար։ 

«Դէ­պի Հայք»-ի նման, AVC, RepatArmenia, reArmenia, Impact Hub, Optimize, Teach for Armenia… անոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրին առա­ջար­կը հրա­ւէր մըն է, որ կը հարստաց­նէ փոր­ձա­ռու­թիւնը։ Ոչ մէկ պար­տադրանք։ Ինչպէս Լե­ւոն Շանթ «Հին Աս­տուած»ն-ե­րուն մէջ Վա­նահօր բեր­նով կ՚ըսէ՝ «Ամէն ոք ինք պի­տի բա­նայ իր ճամ­բան»։ Ու­րի­շին օգ­տա­կար ըլ­լա­լը՝ ար­տօ­նուած է։

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական