«Հայկական Աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» նիւթով խորհրդաժողով

Կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն փորձագիտական մարդուժի ներկայացուցիչներ

Օրհնութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին, Ուրբաթ 19 եւ Շաբաթ 20 Յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Աշխարհը եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները» թեմայով խորհրդաժողովը։ Այս առիթով, Վեհափառ հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս կը ժամանեն Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, հարաւային Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակը (Վ.Ի.Հ.), որ յաջորդաբար ունեցած է 7 առցանց նիստեր, քննարկելու համար հայկական աշխարհի առնչութիւնը աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններուն, պիտի գումարէ առկայ խորհրդակցութիւններ Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ։

Վ.Ի.Հ.-ի մասնակիցներն են՝ Հայաստանէն փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ․ Ռուբէն Սաֆրաստեան, դոկտ․ Արմէն Մարուքեան, Արցախէն՝ դոկտ․ Վահրամ Բալայեան, Միացեալ Նահանգներէն՝ դոկտ. Հրայր Պալեան, Հարաւային Ամերիկայէն՝ դոկտ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Ֆրանսայէն Տիգրան Եկաւեան, Զուիցերիայէն՝ դոկտ․ Վիգէն Չթըրեան, Լիբանանէն՝ դոկտ․ Նորա Պայրագտարեան եւ Շահան Գանտահարեան։ Խորհրդակցութիւններուն քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ահարոն Շխրտըմեան։

Օրակարգին ներառուած են Ազերպայճանի՝ պատմութեան նենգափոխումները դիմակայելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի եւ անվտանգութեան երաշխաւորման իրաւական ուղիները որոնելու, տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններու առնչութիւնները նախատեսելու, ռազմագերիներու եւ առեւանգուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման աշխատանքներու մասին ուղղութիւններ ճշդելու եւ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար միջազգային ատեաններու յանձնառութիւնը ապահովելու առաջադրանքները։

Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամենաճգնաժամային փուլերէն մէկուն մէջ, հայրենիքի եւ Սփիւռքի մասնագիտական այս համախմբումը երկօրեայ նիստերով պիտի քննարկէ համահայկական օրակարգերու մշակման համար ուղենիշեր ճշդող հրատապ խնդիրներ։

Խմբագրական