Հայու արիւն թափած Ախունդով Ազերպայճանի մէջ իբրեւ հերոս դիմաւորուած է

Ծանօթ լրագրող Լինծի Սնել X-ի իր էջին հրապարակած է կարճ տեսանիւթ մը, որուն կցած է հետեւեալ գրառումը. 

«Հիւսեյն Ախունտով, որ խախտելով Հայաստանի սահմանը՝ հայկական կողմը անցած ու սպանած էր հայ քաղաքացի մը, այնուհետեւ ալ իր զոհին հեռաձայնով տեսագրած էր “Հայու արիւն թափել”-ու մասին տեսանիւթը, Դեկտեմբեր 13-ին Ազերպայճանի մէջ իբրեւ հերոս դիմաւորուած է»։

Յիշեցնենք, որ զինեալ Ախունտով Ապրիլին խախտելով Հայաստանի սահմանը, անարգել շրջած էր Սիւնիքի գիւղերուն մէջ, սպառնացած Սիսիանի բնակչուհիի մը, ի վերջոյ՝ սպանած Զանգեզուրի գործատան պահակ 56-ամեայ Հայրապետ Մելիքսեթեանը…։

Խմբագրական