Հանրային հեռատեսիլէն այս տարի չէ սփռուած Վեհափառ Հօր Ամանորի ուղերձը

 

Մայր Աթոռի հաղորդագրութիւնը

Հանրային հեռատեսիլը այս տարի  չէ սփռած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ուղերձը, որ աւանդաբար կը սփռուէր Ամանորի կէս գիշերէն առաջ։ Պատճառը այն է, որ  հանրային հեռատեսիլի վարչութիւնը  որոշած է սփռումի ժամը փոխել եւ  Վեհափառ հօր ուղերձը հեռարձակել երեկոյեան լուրերու ընթացքին, ինչ որ մերժուած է Մայր Աթոռին կողմէ։

Այս առնչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը  հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Ցաւօք, Ամանորի այս երեկոյին ստիպուած պիտի լինենք անդրադառնալ տհաճ միջադէպի։

Անկախութեան պատմութեան ողջ ընթացքում, դեռեւս Վազգէն Ա. Հայրապետի ժամանակաշրջանից, աւանդաբար Հանրային հեռատեսիլի եթերով Ամանորի գիշերը երկրի ղեկավարի ուղերձից անմիջապէս առաջ հեռարձակւում էր Ազգիս Վեհափառ Հայրապետի ուղերձը։

Այս տարի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը, վերջին պահին, առանց որեւէ պատճառաբանութեան տեղեկացրեց, որ Վեհափառ Հայրապետի ամանորեայ ուղերձը չի հեռարձակուի կէսգիշերից առաջ, ինչպէս որ աւանդաբար ընդունուած էր։ Փոխարէնը առաջարկուեց Ամենայն Հայոց Հայրապետի ուղերձը ներկայացնել Լուրերի երեկոյեան թողարկման ընթացքին, ինչը Մայր Աթոռի կողմից պատշաճ չնկատուեց եւ մերժուեց։

Մնացած բոլոր մեղադրանքներն ու վերագրումները յերիւրանք են, իսկ նման որոշումի պատճառների վերաբերեալ հարկ է դիմել Հանրային հեռուստաընկերութեան»:

Խմբագրական