Հաշտուելու անհրաժեշտութիւնը

Փետրուարի վեր­ջին շա­բաթը, Մա­նու­շեանի պան­թէոնականա­ցու­մը Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան պատ­մա­կան բա­րեկա­մու­թեան ան­մո­ռանա­լի ար­տա­յայ­տութիւնն էր։ Ան նաեւ ռազ­մա­վարա­կան հա­մագոր­ծակցու­թեան իւ­րօ­րինակ առիթ ստեղ­ծեց, որ կրնար աւե­լի եւս իմաս­տա­ւորուիլ, եթէ Ֆրան­սա­հայ ըն­կե­րակ­ցութիւննե­րը հա­մակար­գող խոր­հուրդի (CCAF) հա­մանա­խագահ­նե­րը նա­խագահ Մաք­րո­նի մեկ­նած ձեռ­քը ճիշդ արժեւորէին։

Փետ­րուար 23-էն սկսեալ, ՀՅԴ մա­մու­լը տա­րածեց Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ CCAF-ի հա­մանա­խագահ Մու­րատ Փա­փազեանի յայ­տա­րարու­թիւնը՝ վար­չա­պետ Փա­շինեանի հետ սոյն կազ­մա­կեր­պութեան հա­մանա­խագահ­նե­րու հան­դի­պու­մին մա­սին, Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Էմ­ա­նիւէլ Մակքրոնի նա­խաձեռ­նութեամբ։ Վեր­ջինս Մա­նու­շեանի ոգե­կոչու­մը յար­մար առիթ նկա­տած ըլ­լա­լով, Ֆրան­սա­հայու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կավա­րու­թեան մի­ջեւ երկխօ­սու­թիւն վե­րահաս­տա­տել ու­զած է։ Ար­դա­րեւ եր­կու հա­մանա­խագահ­ներն ալ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան հետ տա­­րա­­կարծու­թիւններ ու­նին։ 

ՀՅԴ լրաս­փիւռնե­րուն տա­րածած յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն ան­դին, պարոն Փա­փազեան Հա­յաս­տա­նեան «Հրա­պարակ» կայ­քէ­ջին տուած է նաեւ խնդրա­յարոյց հար­ցազրոյց մը։ Էլի­զէ եւ Երե­ւան դեռ լուռ կը մնան հան­դի­պու­մին մասին, նկա­տի ու­նե­նալով անոր ան­պաշտօն բնոյթն ու հա­ւանա­բար անոր ձա­խող ու գայ­թակղա­լից ել­քը։

Ին­չո՞ւ ձա­խող ու գայ­թակղա­լից։ Անդրա­դառ­նա­լով այդ հան­դի­պու­մին՝ Փա­րիզի «Այբ-Էֆ.Էմ.» ձայ­նասփիւ­ռը դիմագիրքեան իր էջով կը տե­ղեկաց­նէ թէ՝ «Դի­մելով Նի­կոլ Փա­շինեանին՝ CCAF-ի հա­մանա­խագա­հը (իմա՝ Մու­րատ Փա­փազեան) դա­տապար­տած է իր նկատ­մամբ 19 ամիս շա­րու­նա­կուած Հա­յաս­տա­ն մուտքի իրա­ւունքի ար­գե­լ­քը, ինչ որ ի վեր­ջոյ վե­րցուած է Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րադա­տու­թեան հա­մակար­գին կող­մէ։ Մու­րատ Փա­փազեան քննա­դատած է Նի­կոլ Փա­շինեանը այս խո­րապէս ոչ-ժո­ղովրդա­վարա­կան եւ պա­ռակ­տող որո­շու­մը կա­յաց­նե­լուն հա­մար»։ Առանց աւե­լի ման­րա­մաս­նութիւննե­րու մէջ մտնե­լու, դա­տելով հան­դի­պու­մին առա­ջին ու գլխա­ւոր միակ նիւթէն,– Մու­րատ Փա­փազեանի՝ Հա­յաս­տան մուտքի ար­գելքը,– հասկնա­լի է թէ ինչո՛ւ ձա­խողած է հան­դի­պու­մը։ Ի դէպ պէտք է ընդգծել, ինչպէս նշուած է գրու­թեան մէջ ալ, Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րադա­տու­թեան կող­մէ Փա­փազեանի՝ Հա­յաս­տան մուտքի ար­գելքը վե­րցուած է։

Այսքան խեղճ ու ան­տե­ղի երկխօ­սու­թիւն ամօ­թալի է Ֆրան­սա­հայու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող հա­մանա­խագահ­նե­րու կող­մէ։ Առանց ռազ­մա­վարա­կան հար­ցե­րու շուրջ լուրջ ծրագ­րի ներ­կա­յանալ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին հետ երկխօ­սու­թեան, այն պա­հուն երբ Հա­յաս­տան սար­սա­փելի վտան­գա­ւոր մար­տահրա­ւէր­նե­րու դի­մաց կը գտնուի, երբ Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հը եւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը ազե­րական յար­ձա­կու­մի առաջքն առ­նե­լու հա­մար դի­ւանա­գիտա­կան, ռազ­մա­կան գոր­ծակցու­թեան հար­ցեր կը քննար­կեն, երբ Մա­նու­շեանի նման կեր­պար մը Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւններն ու ժո­ղովուրդնե­րը ի­րարու միաց­նող ոս­կէ առիթ մը կ՚ըն­ծա­յէ։ Եւ ահա փո­խանակ CCAF-ի հա­մանա­խագահ­նե­րը Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան փոխ­շա­հաւէտ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման ծրա­գրեր մշա­կելու մա­սին խորհրդա­ծելու եւ մտքեր փո­խանա­կելու, Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հի ներ­կա­յու­թեան անձնա­կան հան­գա­մանք ու­նե­ցող եւ ար­դէն սրբագ­րուած նիւթ մը կ՚ար­ծարծեն։

Իսկ «Հրա­պարակ»-ի մէջ կը կար­դանք աւելի գայ­թակղա­լին, պարոն Փա­փազեանի իսկ բա­ռերով ըսուած. «Ես Մաքրո­նին ասա­ցի՝ պա­րոն Նա­խագահ, ան­կեղծ լի­նենք, ա՞յս մարդը մեզ պի­տի պաշտպա­նի, ա՞յս մարդը Հա­յաս­տա­նը պի­տի ղե­կավա­րի, ա՞յս մարդը պէտք է Պու­տի­նի, Ալիեւի ու Էր­դո­ղանի հետ խօ­սի…»։ Այս աս­տի­ճան ան­յարգա­լից, ան­պա­տուա­բեր վե­րաբե­րում Ֆրան­սա­յի հայ հա­մայնքի ներ­կա­յացու­ցի­չէն՝ անըն­դունե­լի է։ 

Վեր­ջա­պէս, ան­հա­ւատա­լի երե­ւոյթ է, դե­րերը շրջուած են. ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­­ցու­ցիչնե­րը Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցմ­ան խթան հան­դի­սանա­լու փո­խա­րէն, Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահն է որ նա­խաձ­եռ­նու­թիւ­նը կը ստանձ­նէ CCAF-ի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հաշ­տեց­նե­լու Հա­յաս­տանի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Բայց եկէք տեսէք, որ Ֆրանսայի նա­խա­գա­հին ըն­ձեռած ոս­կէ առիթը չա­րա­չար կը մսխուի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կողմէ։

Վերա­դառ­նանք էակա­նին. Մա­նու­շեանի կտա­կած հա­մամարդկա­յին ար­ժէք­նե­րու նշա­ցողը շատ բարձր է, ար­ժէ պայ­քա­րիլ ի խնդիր անոնց, կեր­տե­լու հա­մար խա­ղաղ ու ապա­հով ապա­գայ մը. իսկ ան­հանդուրժո­ղու­թեան բա­ցած վէր­քը շատ խոր է, հաշ­տութիւ­նը անհրա­ժեշ­տութիւն է. պէտք են ներ­կա­յացու­ցիչներ, որոնք գի­տեն յար­գել խա­ղին օրէնքները։ 

Ժ.Չ. ■

Խմբագրական