Search
Close this search box.

Հացադուլի սկիզբէն երկու շաբաթ ետք Ռուբէն Վարդանեանին արտօնած են հեռաձայնել ընտանիքին

Միջազգային հանրութեան եւ լրասփիւռներու ճնշումներու շնորհիւ՝ հացադուլի սկիզբէն երկու շաբաթ ետք, Ռուբէն Վարդանեանին արտօնած են հեռաձայնով կապ հաստատել ընտանիքին հետ։

Այս կապակցութեամբ Վարդանեանի ընտանիքը հաղորդած է.

«Աւելի քան երկու շաբաթ առանց որեւէ շփման իրաւունքի, գտնուելով մեկուսացման մէջ՝ Ռուբէն Վարդանեանին առաջին անգամ արտօնեցին կապ հաստատել մեզի հետ։

Ան յայտնեց, որ հացադուլի ընթացքին ամբողջովին մեկուսացուած է եւ նոյնիսկ կարդալու հնարաւորութիւն չունի՝ ընդգծելով, թէ ինք այժմ աւելի քան երբեք համոզուած է, որ արժէքներն ու սկզբունքները աւելի կարեւոր են, քան նոյնիսկ կեանքը։

Որքան որ տեղեակ ենք մի՛այն անոր արեան ճնշումը չափած են եւ ուրիշ ոչինչ։ Մենք կը պահանջենք, որ Ազերպայճան թոյլ տայ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին անյապաղ այցելել զինք, որպէսզի իր առողջական վիճակին մասին ունենանք անկախ ապացոյցներ եւ համոզուինք, որ հացադուլի ընթացքին անոր կը ցուցաբերուի պատշաճ բժշկական օգնութիւն»: